ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ ԱՐԵԱՆ ԵՒ ԼՈՐՁՈՒՆՔԻ ՊԱՐԶ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՔԱՂՑԿԵՂ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ

  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, կը նախատեսուի որ քաղցկեղի 35 միլիոն նոր պարագաներ արձանագրուին 2050 թուականին՝ 77 տոկոսով աւելի քան 2022-ին գնահատուած 20 միլիոն պարագաները՝ ընդգծելով հիւանդութեան կանուխ յայտնաբերման արդիւնաւէտ մեթոտներու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Կանուխ ախտորոշման բերումով, բուժման եղանակները ընդհանրապէս աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլան: Վերջերս, Շուէտի Կէօթենպըրկ համալսարանի հետազօտողները պարզած են, որ քաղցկեղի բջիջներուն մէջ յայտնաբերուած…

ԾԽԵԼԸ ՈՒՂԵՂԻ ԿԾԿՈՒՄ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ.ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ ՊԱՅՄԱՆ Է

  ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ   Ծխելը ուղեղի կծկում կը պատճառէ եւ որքան աւելի ու երկար ծխէ մարդ, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ վնասը, կը բացայայտէ նոր հետազօտութիւն մը: Ուղեղին կծկումը կ’առաջնորդէ մտային կարողութեանց անկումին եւ կը բարձրացնէ մտագարութեան (dementia) եւ «Ալզհայմըր»ի վտանգը: Ծխելը դադրեցնելը կրնայ օգնել կասեցնելու ուղեղի կծկումը, սակայն չ’օգներ ամբողջութեամբ անոր վերականգնուելուն: Հետազօտութեան հեղինակները…

ԹՈՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԸ 20 ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՂ ՆՈՐ ԳԻՒՏ ՄԸ

Ամերիկեան «MIT» համալսարանի արհեստագէտները պատրաստած են ախտորոշիչ մասնիկներ, որոնք ներշնչուելով կրնան ճանչնալ թոքերու քաղցկեղին առնչուած սպիտակուցները: Այս նորարարական միջոցառումը կրնայ յանգիլ թոքերու քաղցկեղի աւելի արագ եւ կանուխ յայտնաբերումին: Փրոֆ. Սանկիթա Պհաթիա, որ «John and Dorothy Wilson» անուան առողջապահական գիտութիւններու եւ արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրական եւ համակարգչային գիտութեանց փրոֆէսոր է «MIT»-ի մէջ, կը բացատրէ, թէ այս…

ԵՐԱԿԱՏԱՊ

  Երակատապը, վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուող, եւ կանանց մօտ ալ տղաբերքէ ետք յառաջ եկող բարդութիւն մը ըլլալով՝ բաւական զոհեր խլած է: Հիները կարծես իրաւունք ունէին, երբ կ’ըսէին. «Տղաձգան կնոջ մը մէկ ոտքը մինչեւ 40 օր գերեզմանի փոսին մէջն է»: Այսօր, բարեբախտաբար, այդպիսի հաւանականութիւն մը շատ հազուագիւտ պարագայ մը միայն կրնայ ըլլալ: Այդ բարիքը ներկայ գիտութեան…

MODERNA. ՄՈՐԹԻ ՔԱՂՑԿԵՂԸ ԴԱՐՄԱՆՈՂ ՊԱՏՈՒԱՍՏ՝ ՇՈՒՏՈՎ

  «Մոտերնա» (Moderna Laboratories) ընկերութեան գործադիր ընդհանուր տնօրէն Ստեֆան Պանսել ֆրանսական AFP լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց, որ մորթի քաղցկեղը դարմանելու միտող՝ ընկերութեան կողմէ մշակուած պատուաստը կրնայ համապատասխան մարմիններու հաւանութիւնը ստանալ 2025- ին: «Մենք կը կարծենք, որ այս պատուաստը որոշ երկիրներու մէջ պիտի արժանանայ շտապ հաւանութեան՝ 2025-էն առաջ իսկ», – ըսաւ ան՝ աւելցնելով,…

«STRESS»-Ը ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ Ճնշուածութիւնը («stress») քու մարմնիդ հակազդեցութիւնն է, պատասխանը՝ առօրեայ հանգամանքներու: Իւրաքանչիւր անձ ունի տարբեր բնաւորութիւն մը եւ կ’ապրի տարբեր պայմաններու մէջ, ուստի կը հակադարձէ նաեւ տարբեր ձեւերով: Երբեմն, երբ շատ է ճնշուածութիւնը, անձին համար այդ մէկը կը դառնայ բնական, եւ ան չի գիտակցիր, թէ ինք լուրջ հարց մը կը դիմագրաւէ: Կիներու մօտ «stress»-ը կ’ըլլայ…

ԵԹԷ ՄԻԶԵԼՈՒ ԱՏԵՆ ԿԸ ՉԱՐՉԱՐՈՒԻՔ

  Փամփշտատապը (սիսթիթ) անծանօթ հիւանդութիւն մը չէ. ան կրնայ յառաջ գալ այրերու, կիներու, չափահասներու եւ ծերերու մօտ: Իրականութեան մէջ, փամփշտատապը առանձինն հիւանդութիւն մը չէ. ան ոչ թէ ախտանշան մը, այլ իրարմէ տարբեր եւ մէկէ աւելի ախտանշաններու ամբողջութիւն (սենտրոմ) կրնայ ըլլալ: Հիւանդութեան երկու գլխաւոր նշաններն են՝ յաճախամիզութիւնը («բոլաքիիւրի») եւ ցաւը: Ասոնց կ’ընկերանայ նաեւ մէզի բնական երեւոյթի…

ՎԻԹԱՄԻՆ «C»Ն ԵՒ ՄՈՐԹԸ

  «C» կենսանիւթը կը նկատուի անփոխարինելի սննդանիւթ մը, որ անհրաժեշտ է օրկանիզմի ճիշդ աճին եւ հիւսուածքներու վերականգնումին, ինչպէս՝ մորթը: Քանի որ «C» վիթամինի նման նիւթերը օրկանիզմին մէջ չեն արտադրուիր, ապա զանոնք պէտք է ընդունիլ յաւելումներու կամ ուտելիքներու միջոցով` նարնջազգի, ելակ, բրքուկ (պրոքոլի), ինչպէս նաեւ՝ կարմիր եւ կանաչ պղպեղներ: Վիթամին «C»-ի ամէնօրեայ  չափը կարելի է դասաւորել…

ՈՂՆԱՅԱՐԻ ԿՈՂՄՆԱԾՌՈՒԹԻՒՆ – SCOLIOSIS

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Հին յունարէնով scoliosis կը նշանակէ շեղութիւն կամ ծռութիւն: Ողնայարի կողմնածռութիւնը-ողնկողմնածռութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ կ’ընդգրկէ նեարդամկանակմախքային համակարգը (neuromusculskeletal): Անոր հետեւանքով տեղի կ’ունենայ ողնայարի յարաճուն (progressive) կորութիւն եւ ոլորում (twisting): Ողնայարը կը ստանայ երեք ուղղութեամբ անբնական երեւոյթ, այլ խօսքով՝ պարուրաձեւութին (helical): Յաճախ ողնայարը կը նկարագրուի որպէս գալարաձեւ եւ պարուրաձեւ սանդուղ (spiral stairs): Ողնկողմնածռութիւնը…

ՀԱՄԵՄՈՒՆՔՆԵՐ

  ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   Համեմունքային բոյսերը` կանաչ թէ չորցուած, սերմնահատիկ թէ արմտիք, կը պարունակեն եթերաիւղեր, կլուքոզիտներ, տապաղանիւթեր, խէժեր. որոնք անոնց կու տան համ, հոտ եւ բուրմունք: Որոշ համեմունքներ ալ ունին գոյն տուող յատկութիւն: Համեմունքները ախորժաբեր կը դարձնեն կերակուրները, տալով անոնց հաճելի համ եւ հոտ: Սակայն կարեւոր է, որ անոնք ըլլան ճիշդ ընտրուած եւ…