ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՐՏԵՄ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Անցեալ Հոկտեմբերին, ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան եւ ամերիկացի Տէյվիտ Ճուլիըսթ արժանացան բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին: «Տը Նոպըլ Փրայզ» թուիթըրեան էջը հաղորդեց, որ երկու գիտնականները մրցանակին արժանացած են ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իրենց կատարած բացայայտումներուն համար: Արտեմ Փաթափութեան մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան է: Ան ներկայիս կ՚աշխատի Քալիֆորնիոյ Լա Խոյա շրջանին մէջ…