ԱՄԱՌ Է. ՉՄՈՌՆԱՆՔ ԿԱՐԳ ՄԸ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Առողջութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր ապրելակերպէն եւ մեր ուտելիքներէն: Ծինային տուեալները աննշան դեր կը խաղան, երբ ընտանեկան պատմութեան մէջ ժառանգական լուրջ հիւանդութեան  պարագայ չկայ: Ուստի, հակառակ Լիբանանի մէջ մեր դիմաց ցցուած տնտեսական բոլոր խնդիրներուն, ի՞նչ կրնանք ընել աւելորդ հիւանդութիւններէ խուսափելու համար: Ինչ կը վերաբերի ապրելակերպին, ապա թելադրելի է օրական քալել: Գլխարկը կամ…

ՎԱԽԸ ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան Ամէնէն վախազդու մասնագիտութիւններէն մէկը մինչեւ այսօր, մանաւանդ բժշկական ասպարէզին մէջ տակաւին կը շարունակէ մնալ ատամնաբուժութիւնը։ Հակառակ անոր որ ներկայիս այս մասնագիտութիւնը բաւական զարգացած է, ներկայ ատամնաբուժական գործիքները աւելի քիչ ցաւ ու վախ կը պատճառեն, ցաւազրկիչ միջոցները հիմա աւելի ազդեցիկ են, սակայն տակաւին շատ մը մարդիկ մեծ վախ ունին ատամնաբուժներէն իսկ ոմանց քով…

ԳԱՒԱԹՈՒՄ (ՇԻՇԷ ՔԱՇԵԼ)

Նանոր Գոչունեան-Թաշճեան Գաւաթումը ամէնուն ծանօթ շիշէն է, անգլերէնով՝ «Cupping therapy»: Մարդիկ հազարաւոր տարիներ օգտագործած են այս մեթոտը, մարմինի տարբեր մասերու՝ մէջքի, գլխու, վիզի ցաւերը մեղմելու կամ թեթեւցնելու նպատակով: Գաւաթային բուժումը օգտակար ձեւ մըն է, սակայն պէտք է գիտնալ հիմնական բոլոր կարեւոր կէտերը, գաւաթը ճիշդ տեղը զարնելու համար: Գաւաթային բուժման նպատակն է արեան շրջանառութւինը աշխուժացնել. ներծծող…

ՔՆԱՆԱԼԷ ԱՌԱՋ ԲՋԻՋԱՅՆԸ ՉՁԳԵԼ ՄԱՀՃԱԿԱԼԻՆ ԿՈՂՔԻՆ

20 հետազօտութիւններու քննարկումը կը թելադրէ քնանալէ առաջ բջիջայինը չթողել մահճակալին կողքին: Հետազօտութեան համաձայն, հարցուածներուն կէսէսն աւելին (48 տոկոս) գիշերը կը քնանայ հեռախօսը մահճակալին կողքին դրուած, կը գրէ Techlikethis: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ կան յստակ ապացոյցներ, որ քնանալէ առաջ էլեկտրոնային սարքերու օգտագործումը եւ անոնց հասանելիութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ քունի վատ որակի, ինչպէս նաեւ՝ ցերեկային ժամերու…

ՄՕՐ ՍԹՐԵՍԸ ԿՈՒՐԾՔԻ ԿԱԹԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ԵՐԵԽԱՅԻՆ

Մօր յետծննդաբերական սթրեսը կ’ազդէ նորածինի առողջութեան վրայ, իսկ այդ սթրեսին փոխանցման հաւանական միջոցներէն մէկը կուրծքի կաթին բաղադրութեան փոփոխութիւնն է: Հոլանտացի գիտնական-ները որոշած են պարզել, թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատի այդ մեքանիզմը: Անոնք ուսումնասիրած են յետծննդաբերական մայրական սթրեսի կենսաբանական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը կուրծքի կաթին ճարպա-թըթուներու բաղադրութեան վրայ: Ծանօթ է, որ ճարպաթթուները անհրաժեշտ են երեխայի առողջ զարգացման համար, իսկ…

ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍ ՃԱՂԱՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԵՂԱՀԱՏԻՆ

Վերահսկիչ մարմիններ կանաչ լոյս տուած են ճաղատնալու դէմ պայքարի միջոցի մը, որ կրնայ վերականգնել մազերը: Փորձերը ցոյց տուած են, որ դեղահատին ամէնօրեայ օգտագործումը կրնայ գրեթէ լիովին չէզոքացնել այն վիճակը, որուն պարագային մազերը կը թափին խուրձերով: Պարիսիթինիպ (baricitinib) դեղահատը արդէն կ’օգտագործուի Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային համակարգին կողմէ` շարք մը հիւանդութիւններու բուժման համար, ներառեալ յօդացաւը, մորթատապը եւ…

ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԿԱԹԻ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ԱԽՏԱՄԵՐԺՈՒԹԻՒՆԸ

Արեան մէջ երկաթի պակասը կրնայ յանգեցնել ախտամերժ (immune) համակարգի կարեւոր բջիջներու` լիւքոսիթներու (leukocytes) քանակի կտրուկ նուազումին, կ’ըսեն քաղցկեղի ուսումնասիրման գերմանական կեդրոնի հետազօտողները Science Advances պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ: Երկաթի մատակարարումը բջիջներուն կը վերահսկուի IRP-1 եւ IRP-2 երկու սպիտակուցներով (proteins), նշուած է նոյն յօդուածին մէջ: Գիտնականները արգելակած են երկու սպիտակուցներու աշխատանքը տարեց մուկերու մօտ,…

ՔՈԼԵՐԱՅԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԻՋՈՑԸ՝ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Քոլերան հին հիւանդութիւն մըն է, եւ մարդկութիւնը բազմիցս տառապած է անկէ: Առաջին անգամ զայն նկարագրած է բրիտանացի գիտնական Ճոն Սնոն, 1854 թուականին, իսկ աւելի ուշ հիւանդութիւնը մանրամասն ուսումնասիրած է Ռոպըրթ Քոխ (գերմանացի) Հնդկաստանի մէջ: Քոլերան նախապէս մեծ թիւով զոհեր կը խլէր եւ գլխաւոր լուրերու վերնագիրները կը գրաւէր տարածուած երկիրներուն մէջ: Վերջին անգամ…

ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ՍՆՈՒՆԴԻ ՏԱՐԲԵՐ ՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   Ի՞ՆՉ Է ՀՈՒՄԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Հումակերութեան ժամանակ անձը կը սնանի բուսական եւ կենդանական ծագում ունեցող սնունդով, առանց զայն ջերմային մշակման ենթարկելու։ Նախնադարեան մարդու սնանելու այս եղանակով մինչեւ օրս կը սնանին հիւսիսային որոշ ժողովուրդներ, եւ անոնք չեն հիւանդանար ժամանակակից մարդկութիւնը հիւծող, մաշեցնող հիւանդութիւններով։ Ներկայիս կան հումակերութեան շատ կողմնակիցներ, որոնց կարծիքով արեւու լոյսը պտուղներու…

ՄՏԱՀԵՐՁՈՒՄ (SCHIZOPHRENIA)

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Այն վարկածը՝ թէ սքիզոֆրենիան 2 անհատ է՝ մէկ անձի մէջ, առասպելական է ու երեւակայական, որովհետեւ սքիզոֆրենիան քրոնիք մտային խանգարում է՝ մտա-ընկալման անառողջ վիճակ եւ կեդրոնացման բացակայութիւն, անհատին եւ արտաքին աշխարհին միջեւ զգացական եւ իմացական յարաբերութեանց խախտում կամ աղաւաղում, մասնաւորաբար զգացումներու եւ մտածումներու ներքին կազմակերպութեան անկում: Այս սխալ պատկերացումը հաւանաբար առաջ եկած է հիւանդութեան…