ՈՐՔԱՆ ՇՈՒՏ ՍՏԱՆԱՔ COVID19-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ՝ ԱՅՆՔԱՆ ՇՈՒՏ Կ՚ԱՒԱՐՏԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Անգլիացի գիտնական եւ բժիշկ Էտուըրտ Ճէնըրի կատարած պատուաստի առաջին գիւտէն ի վեր, 1796-ին, մարդկութիւնը սկսած է ունենալ միջոցը եւ առաւելութիւնը կանխելու վարակիչ հիւանդութիւնները: 20-րդ դարուն, պատուաստ մշակելու տեւողութիւնը կը գնահատուէր 5-10 տարիով՝ հետազօտութենէն մինչեւ շուկայ: «Շուկայ» ըսելով նկատի ունինք արտադրող տարբեր ընկերութիւններ, որոնք ճշգրիտ նոյն բաղադրութիւնը կը պատրաստեն, եւ հանրութիւնը կը պատուաստուի…

ՈՐՔԱ՞Ն ԱՂ ՊԷՏՔ Է ՊԱԿՍԵՑՆԵԼ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԷՆ՝ ԶԱՐԿԵՐԱԿԱՅԻՆ ՃՆՇՈՒՄԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սննդականոնէն աղի քանակութեան սահմանափակումը կը բարելաւէ զարկերակային ճնշումը, ցոյց կու տայ նոր հետազօտութիւն մը, հրապարակուած՝ Circulation ամսագրին մէջ: Հետազօտութեան հեղինակները առաջին անգամ ըլլալով սննդականոնին մէջ աղի (sodium) քանակութեան նուազումին պարագային, կրցած են զարկերակային ճնշման նուազումի յստակ թիւեր հաշուել: Մարդկային մարմնին մէջ, յաւելեալ աղը պատճառ կը դառնայ արիւնատար անօթներուն մէջ ջուրի յապաղումին, ինչ որ կ՚աւելցնէ սիրտի…

Ո՞Ր ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԵՆԹԱԿԱՅ ԵՆ COVID 19-Ի ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՄԱՀԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ

Որոշ մասնագիտութիւններ առանձնապէս մարդիկ խոցելի կը դարձնեն COVID 19-ի դէմ, կը պնդեն Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական գիտութիւններու հիմնարկին գիտնականները: Ինչպէս որ կը նախատեսուէր, առաջին տեղը կը գրաւեն բժշկական-առողջապահական մարզին մէջ աշխատողները: Անոնք ամէնօրեայ շփումի մէջ են հիւանդներու հետ, եւ առաջին հերթին անոնք ենթակայ են վարակուելու վտանգին, նաեւ՝ հետագայ բարդութիւններուն: Երկրորդ տեղը կը գրաւեն ուտեստեղէնի եւ գիւղատնտեսութեան…

COVID19-ՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ԱՊԱՔԻՆԱԾ ԱՆՁԵՐ ՊԷ՞ՏՔ Է ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒԻՆ

Վերջին տուեալներու համաձայն, աշխարհի տարածքին աւելի քան 115 միլիոն անձ վարակուած է պսակաձեւ ժահրով, հետեւաբար հարց կը տրուի. անոնք պէ՞տք է պատուաստուին: Երկու նոր ուսումնասիրութիւններ այս հարցին կը պատասխանեն «միանշանակ այո»-ով, եւ կը նշեն, որ այս մարդոց բաւարար է տալ պատուաստի միայն մէկ չափ՝ անոնց արեան մէջ հակամարմիններ յառաջացնելու եւ պսակաձեւ ժահրը ոչնչացնելու համար, կը…

COVID 19-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐ

ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ – ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ Պատուաստումը ապահով եւ արդիւնաւէտ ձեւ մըն է հիւանդութիւններ կանխարգիլելու եւ կեանքեր փրկելու համար: Այսօր, պատուաստներ գոյութիւն ունին մեզ պաշտպանելու բազմաթիւ հիւանդութիւններէ: Պատուաստուելով՝ կը պաշտպանենք ոչ միայն մենք մեզ, այլ՝ մեր շուրջ գտնուողները: Պսակաձեւ ժահրի (COVID 19) համավարակի այս օրերուն, պատուաստումը կը նկատուի խիստ կարեւոր: COVID 19 ժահրը դիմագրաւելու նպատակով, աշխարհի չորս…

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ COVID19-Ի ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃՇԴՈՂ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ

Երբ խօսքը կը վերաբերի պսակաձեւ ժահրին դէմ մշակուած պատուաստներու արդիւնաւէտութեան մասին, ապա ընդհանրապէս կը նշուին բարձր տոկոսներ, որոնք շատ ալ հասկնալի չեն:   Ինչպէ՞ս կը ճշդեն պատուաստին արդիւնաւէտութեան տոկոսը Երբ կ՚ըսուի, որ պատուաստը որոշ տոկոսով արդիւնաւէտ է Covid 19-ի դէմ, կը նշանակէ, որ անիկա նոյն համեմատութեամբ կը նուազեցնէ վարակուելու վտանգը՝ հիմնուելով կամաւորներու վրայ կատարուած փորձարկումներու…

ՀԵՏԱՔՐՔԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԾԽԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ծխելու հետեւանքով իւրաքանչիւր 8 վայրկեանը անձ մը կը մահանայ աշխարհի տարածքին: Հաւանաբար բազմիցս լսած էք այս: Բայց, ահաւասիկ, քանի մը հետաքրքրական տուեալներ ծխելու մասին, որոնք հաւանաբար չէիք գիտեր. Ծխելը պատճառ կը դառնայ սթրեսի, եւ ոչ թէ հակառակը: Ծխողները կը կարծեն, որ այս մոլութիւնը կ՚օգնէ յաղթահարելու սթրեսը, սակայն իրականութեան մէջ, հակառակը ճիշդ է: Ծխողները աւելի շատ…

ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆՈՒԽ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՄԱՆ ՄԱՄՈԿՐԱՖԻԻ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ԵՒ ԳՈՒԳԱՐՔԻ ՄԷՋ

Վերջերս տեղի ունեցած է շարժական մամոկրաֆիի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեանը, Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանը, ՀՀ ԱՆ «Վ.Ա.Ֆանարճեանի անուան ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Նարեկ Մանուկեանը, պաշտօնատար այլ անձինք, հիւրեր եւ բժիշկներ: Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեան եւ Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեան բացման արարողութեան ընթացքին տեսակցութիւն մը ունեցած են մարզային…

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ ՉԷ ՇԱՔԱՐ ՈՒՏԵԼ

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ–ԹԱՇՃԵԱՆ Ի՞նչպէս կ՚ըլլար մեր աշխարհը, եթէ մենք անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ քաղցր ուտելու մոլի չդառնայինք: Արդի բժշկութիւնը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գիտական հիմնաւորումով բժշկութիւն, եթէ լսած ըլլար 50 տարի առաջ գիտնականներու կողմէ յայտարարուած շաքարի վտանգներուն մասին, ապա մենք այժմ պիտի ապրէինք ամենեւին այլ աշխարհի մը մէջ: Եթէ համացանցը պրպտէք, կը գտնէք յօդուածներ, թէ…

ԳԷՐ ԵՒ ԱՌՈՂՋ. ԿԱՐԵԼԻ՞ Է

Այսօր բաւական տարածուած է այն կարծիքը, թէ իբրեւ թէ կարելի է ունենալ աւելորդ ծանրութիւն, միաժամանակ առողջ մնալ: Սակայն, խումբ մը սպանացի գիտնականներ փաստած են, որ այս սոսկ առասպել է, եւ որ ճարպակալումն ու առողջութիւնը իրականութեան մէջ անհամատեղելի են: Մատրիտի Եւրոպական համալսարանի (European University) մասնագէտները կատարած են հետազօտութիւն մը եւ ուսումնասիրած կանոնաւոր ֆիզիքական շարժումի մէջ գտնուող…