Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՐ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ
1969-Ի ԽՈՀԵՐ ՏՈՔԹ. Ս. ՍԻՍԵՌԵԱՆ «ԲԺԻՇԿ» ԱՄՍԱԹԵՐԹ – ԺԴ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 7 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1969 Հին տարուան վերջաւորութեան եւ նորի սկիզբին, ինչպէս իւրաքանչիւրս կ՚ունենայ խորհրդածութիւններ անցեալի եւ ապագայի մասին, այդպէս ալ ուզեցինք մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ նայիլ գալիք օրերուն, տեսնելու համար թէ մեզի ի՞նչ կը վերապահեն Գիտութիւնը եւ Բժշկութիւնը իրենց յառաջդիմութիւններով, որոնք անկասկած լեցուն են անակնկալներով:…








