ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` 185 Համալսարանականներու, 200 Դպրոցականներու, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան` կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու: Բարի  գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ…

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՀԱԿԱՄԱՆՐԷ ԴԵՂԵՐՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՊԱՑՈՒՑՈՂ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ

ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ haՀայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակին եւ Հոլանտայի հանրային առողջապահութեան եւ կենսոլորտի հիմնարկին համատեղ ջանքերով, 2017-2018 թուականներուն Երեւանի բժշկական չորս հաստատութիւններու մէջ իրագործուած է հակամանրէ դեղերու (ՀՄԴ) կայունութեան գործընթացները ապացուցող հետազօտական ծրագիր մը: Ծրագիրը կը հետապնդէ տեղեկութիւն հաւաքել դեղաբուժումը դիմադրող արեան բորբոքումի հիմնական յարուցիչներուն մասին,  բարելաւել արեան նմուշառման վերաբերող բժշկական անձանակազմի …

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, զոր կը ներկայացնէ քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ: Դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ Վերջերս Հայաստան այցելեցին Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւ Կորիզային Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան ներկայացուցիչները` Armenia imPACT Review առաքելութեան շրջագիծին մէջ: Այցելութեան նպատակն էր խորհրդակցական օժանդակութիւն տրամադրել քաղցկեղի դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան մշակման աշխատանքներուն մէջ: Միջազգային մասնագէտները հանդիպում մը ունեցան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան վարչութեան անձնակազմին հետ: Անոնք քննարկումներ ունեցան նաեւ հայ մասնագետներու հետ,…

ՍԵՌԵՐՈՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՕՄ-Ի ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Նախաձեռնութեամբ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) եւ գործակցութեամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան, 11 մարտ 2019-ին, Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 63-րդ նիստին ընթացքին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ նիստքննարկում մը` արծարծելով այն նիւթը, թէ ինչպէ՛ս երկրի մը հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան սեռերու հաւասարութիւն յառաջացնել: Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿ-ի…

ՉԱՆՏԵՍԵԼ «ՏԻ» ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԻ (VITAMINE D) ՊԱԿԱՍԻՆ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԸ

Ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի «Տի» կենսանիւթի պակասը: Իր ամէնէն ծայրայեղ ձեւին մէջ, մանկութեան ժամանակ «Տի» կենսանիւթի երկարատեւ եւ լուրջ պակասը, կոչուած՝ ոսկրաթեքութիւնը (rickets), կրնայ պատճառ դառնալ, որ ոսկորները ուշ եւ բնական ձեւով չաճին: Այսօր, ոսկրաթեքութիւնը համեմատաբար հազուադէպ է, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ «Տի» կենսանիւթի պակասն ալ այդպէս: Այս պակասի հաւանական հետեւանքները առողջութեան վրայ լուրջ են,…

Ո՞Ր ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ ՈՒՏԵԼ ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Շաքարախտէ տառապողները պարտաւոր են հետեւելու յատուկ սննդականոնի` արեան մէջ շաքարի մակարդակին կործանարար վերիվայրումներէն խուսափելու համար: Անոնք ստիպուած են հրաժարելու որոշ պտուղներէ, սակայն կան նաեւ այնպիսի պտուղներ, որոնց glycemic indexի համեմատութիւնը ցած է եւ շատ օգտակար են շաքարախտի պարագային: Ստորեւ կը ներկայացնենք այն պտուղները, որոնք անպայման պէտք է ներառնել շաքարախտէ տառապողներու սննդականոնին մէջ: Նուռ Նուռը կը…

ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ. ՄԱՔՐՈՊԻՈԹԻՔ ԱՌՏՆԻՆ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑՆԵՐ (Home Remedies)

ՄԱՔՐՈՊԻՈԹԻՔ  ԱՆԿԻՒՆ. ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ «Դեղդ թող ըլլայ ուտելիքդ, Ուտելիքդ թող ըլլայ դեղդ». ՀԻՓՈՔՐԱՏԵՍ     ՔՈՒԶՈՒ (KUZU կամ KUDZU) Վայրի հսկայ արմատներէ պատրաստուած թանձրացուցիչ (Նիշէ)։ Անկախ իբրեւ թանձրացուցիչ իր խոհանոցային այլազան գործածութենէն, ՔՈՒ-ԶՈՒՆ իբրեւ դեղամիջոց եւս ունի դարմանումի բազմաթիւ եւ ազդու յատկութիւններ։                           ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ Մէկ թէյի դգալ քուզու երեք թէյի դգալ ջուրի մէջ…

ԲՌՆԱՑՈՒՄ (BULLYING)

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ի՞նչ է բռնացումը Բռնացումը շատ յաճախ կը պատահի դըպրոցներուն մէջ, երիտասարդներու կամ պատանիներուն միջեւ: Բռնացման կամ բռնաճնշումին իրաւական սահմանում մը չկայ, սակայն անիկա կրկնուող վարքագիծ մըն է, որուն նպատակն է ցաւցնել դիմացինը ֆիզիքապէս կամ հոգեպէս՝ շատ յաճախ ցեղային, կրօնական, սեռային, արտաքին տեսքի, ընտանեկան տարբերութիւններու մատնանշումով: Թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերինք, կամ…

ՅԱՐՎԱՀԱՆԱԳԵՂՁԵՐ – PARATHYROID GLANDS

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Մեր մարմինը ունի ընդհանրապէս չորս յա-րավահանագեղձեր (parathyroid glands), որոնք կը գտնուին վահանագեղձին (thyroid gland) յետսամասի մակերեսին վրայ: Յաճախ անոնք ներմուծուած կ՛ըլլան վահանագեղձին մէջ: Անոնց թիւը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 8ի: Այս չորս յարվահանագեղձերը կը ներկայանան վահանագեղձի երկու բլթակներու ետին՝ իբրեւ երկու զոյգեր: Իւրաքանչիւր յարվահանագեղձ ունի բրինձի հատիկի մը մեծութիւնը: Յարվահանագեղձ…