ԲՈՒԺՄԱՆ ՈՉ-ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԵԹՈՏՆԵՐ (Ա.)

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ապրելակերպի փոփոխութեան հետ կապուած փոխուած են մարդիկ եւ անոնց գիտակցութիւնը, հետեւաբար փոխուած են հիւանդութիւնները եւ անոնց բուժման մեթոտները։ Բուժման որեւէ մեթոտէ օգտուելու պարագային, շատ կարեւոր է, որ անձը վստահ ըլլայ, որ ընտրած մեթոտը կ’օգնէ եւ կ’ապահովէ բուժման յաջողութիւնը։             Ոչ աւանդական մեթոտներէն են՝ սննդաբուժումը՝ «dietotherapy», խոտաբուժումը՝ «phytotherapy», բոյրաբուժումը՝ «aromatherapy», մարձումը (massage),…

ՍՊԻՏԱԿԱՐԻՒՆՈՒԹԻՒՆ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Սպիտակարիւնութեան (leukemia) բոլոր տեսակները կը յառաջանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ (hemopoietic) ցօղունային (stem cell) սպիտակ գնդիկներու անբնական բազմացումով եւ յայտնաբերումով անբնական սպիտակ գնդիկներու, որոնք կը կոչուին «լիւքիմիք բջիջներ». անոնք կը սահմանափակեն ոսկրածուծի բնական արիւնաստեղծումը եւ կը փոխարինեն ոսկրածուծի բնական բջիջները։ Այս անբնական բջիջները կը լքեն ոսկրածուծը եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ, ապա կը…

Ի՞ՆՉՊԷՍ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻ

ՄՏՔԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԻ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԱԶՆԻՒ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Մտքի եւ մարմինի փոխյարաբերութիւնները այն կարեւոր նիւթերէն են, որոնք հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան ծիրին մէջ հետազօտողներու եւ մասնագէտներու մօտ։ Հոգեբանական վիճակի եւ ֆիզիքական առողջութեան այս բարդ փոխազդեցութիւնը մեծ դեր կը խաղայ մեր կեանքի որակի եւ ընդհանուր առողջութեան վրայ: Այս յօդուածին մէջ մենք կ’ուսումնասիրենք, թէ ինչպէս հոգեբանական…

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ՝ ՀԱՒԱՏՔՈՎ, ՅՈՅՍՈՎ ԵՒ ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ

7 Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը շրջեց յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ տիրող (որոշ չափով) հանգստութիւնը: Աշխարհը այլեւս նոյն, սովորութեան կարգ անցած ձեւով չի նայիր պաղեստինեան դատին կամ Իսրայէլի արտօնեալ առաձնաշնորհումներուն: Լիբանանը անմասն չմնաց այս բոլորէն: 17 եւ 18 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցած զարգացումներով՝ «Փէյճըր»ներու եւ անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումով եւ անկէ…

ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՁՐԱՑՆՈՂ ԱՆԾԱԽՍԱԼԻՑ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ Տհաճ լուր մը ստանալէն ետք, քիչ մը անտրամադիր եւ տխուր կը զգա՞ք: Կը փորձէ՞ք յաղթահարել Կիրակի օրերը մտահոգութիւն յառաջացնող զգացումները կամ յաջորդ շաբթուան աշխատանքային առաջին օրուան ստեղծած «սթրես»ը եւ խանդավառութեան պակասը: Սարսափելի, զզուելի, շատ վատ օր մը կ’անցընէ՞ք: Նոյնիսկ փոքր յուսախաբութիւններ եւ հիասթափութիւններ կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ ձեր տրամադրութեան ու արդիւնաւէտութեան վրայ՝…

ՍՆՈՒՆԴԻ ԲԱՂԱԴՐԱՄԱՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հակաօքսիտացնողներ (Antioxidants) Բջիջներուն թաղանթները կազմող կենսական ճարպերը «ազատ» ռատիքալներու կողմէ կ’ենթարկուին օքսիտացումի, քայքայման՝ յառաջացնելով նիւթափոխանակութեան խանգարումներ։ Օքսիտացումը կանխող ազդակները անթիօքսիտանթներն են, որոնք կ’ըլլան բնական կամ արուեստական։ Անոնք կը դանդաղեցնեն կամ կ’արգիլեն թթուածինի այրող յատկութիւնը, հետեւաբար՝ օքսիտացումը։ Հակաօքսիտացնող յատկութեամբ օժտուած են «Vit. C, E, A», քարոթինը, ֆլաւոնոիտները, միքրօ-էլեմաններէն՝ զինքը, մակնիզիումը, սէլենիումը, պղինձը,…

ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ ՕՐԱԿԱՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ԽՆԴԱԼՈՒ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՕՐԷՆՔ

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐՈՎ Իւրայատուկ քայլով, որ մեծ հակասութիւններու դուռ բացած է, Ճափոնի Եամակաթա մարզի տեղական իշխանութիւնները վերջերս հրապարակած են օրէնք մը, որ կոչ կ’ուղղէ ժողովուրդին օրական առնուազն մէկ անգամ խնդալու: Օրէնքը նաեւ կը պահանջէ ընկերութիւններէն «զարգացնել խնդուքով լեցուն աշխատանքային միջավայր մը», եւ իւրաքանչիւր տարուան 8 օգոստոսը կը սահմանէ որպէս խնդուքի օր: Օրէնքը կը նշէ, որ կատարուած…

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱԼ ՄԻԿՐԷՆԻ (MIGRAINE) ՄԱՍԻՆ

Միկրէնը (Migraine) նեարդաբանական բարդ վիճակ մըն է, որ յաճախ կը բնութագրուի ծանր, բաբախող գլխացաւերով, որոնց կրնան ընկերանալ սրտխառնուք, գլխապտոյտ եւ լոյսի նկատմամբ զգայունութիւն: Միկրէնը ընդհանրապէս կ’ըլլայ փուլային, որ կրնայ տեւել քանի մը օր, կ’ազդէ առօրեայ կեանքին վրայ` դժուարացնելով աշխատիլը կամ սորվիլը: Սակայն, ոչ բոլոր միկրէնները կ’ընդգրկեն գլխացաւեր. պարագայէ պարագայ կը տարբերի իր ախտանշան-ներով եւ յաճախականութեամբ:…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԿՐՆԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԻԼ

  Թուայնացած հաղորդակցութեան այս դարաշրջանին, ընկերային ցանցերը միահիւսուած են մեր առօրեային հետ: Facebook-ի, Instagram-ի, X-ի եւ TikTok-ի նման հարթակներ ակնթարթային արագութեամբ մեզ կ’առաջնորդեն դէպի լուրերու, նորութիւններու աշխարհը, կ’իրազեկեն, կը զուարճացնեն ու կը ստեղծեն նոր բարեկամութիւններ: Սակայն, ժամանակակից արհեստագիտութեան եւ կապի ճամբով ապահովուած դիւրութիւններուն եւ հասանելիութեան երեւոյթին զուգահեռ կը զարգանայ այլ մտահոգութիւն մը. կախեալութիւն ընկերային ցանցերէ,…

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ՍՈՐՎԻԼ. 7 ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

  Երջանիկ ըլլալը կը թուի պարզ ձգտում մը, բայց խօսքը հեշտասէր կամ մակերեսային ըլլալու մասին չէ, այլ՝ խոհուն, հանգիստ եւ ուրախ ապրելու մասին: Սակայն, շատեր կը պայքարին երջանկութեան հասնելու եւ զայն պահպանելու համար՝ կեանքի բարդութիւններուն ի տես: Միացեալ Թագաւորութեան Պրիսթոլի համալսարանին մէջ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւն մը կը  քննարկէ իր հետազօտողներուն նախաձեռնած «երջանկութեան գիտութիւնը» ծրագրին արդիւնքները:…