ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ՍՆՈՒՆԴԻ ՏԱՐԲԵՐ ՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   Ի՞ՆՉ Է ՀՈՒՄԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Հումակերութեան ժամանակ անձը կը սնանի բուսական եւ կենդանական ծագում ունեցող սնունդով, առանց զայն ջերմային մշակման ենթարկելու։ Նախնադարեան մարդու սնանելու այս եղանակով մինչեւ օրս կը սնանին հիւսիսային որոշ ժողովուրդներ, եւ անոնք չեն հիւանդանար ժամանակակից մարդկութիւնը հիւծող, մաշեցնող հիւանդութիւններով։ Ներկայիս կան հումակերութեան շատ կողմնակիցներ, որոնց կարծիքով արեւու լոյսը պտուղներու…