ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՌՏՈՒՆԵՐԸ ԳԼԽԱՑԱՒՈՎ Կ՚ԱՐԹՆՆԱՆՔ
Երբեմն օրը առտուընէ լաւ չի սկսիր: Գլխացաւը կը սպառնայ լիովին խախտել առօրեան: Ինչո՞ւ առաւօտեան կը ցաւի գլուխը. պատճառները բազմաթիւ են: Սովորաբար, անոնք կապուած են սխալ ապրելակերպի հետ: Առաւօտեան գլխացաւերու ծանօթ պատճառներ. Գիշերային քունը պէտք է տեւէ առնուազն 7-8 ժամ: Երկարատեւ քունի պակասը պատճառ կը դառնայ «շտապողականութեան մեքանիզմներ»ու (emergency mechanisms) գործարկման: Կը նշմարուի սրտազարկի յաճախացում, զարկերակային…