ՎԵՑ ՊԱՐԶ ՔԱՅԼԵՐ ԺԱՀՐԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Տարուան այս եղանակին ժահրային հիւանդութիւնները շատ տարածուած կ՚ըլլան, ուրեմն վարակումէ խուսափելու համար անհրաժեշտ է յաւելեալ միջոցներ կիրարկել դիմադրողական համակարգը ամրապնդելու եւ վարակման հաւանականութիւնը կարելի չափով նուազեցնելու համար: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք վեց պարզ քայլեր, որոնք թոյլ կու տան պաշտպանուելու կռիփէն, պաղառութենէն եւ ժահրային այլ հիւանդութիւններէ: Խոնաւցնել օդը Մասնագէտներու համաձայն, տան օդի խոնաւութեան մակարդակը պէտք չէ…

ԻՆՉՊԷՍ ՏԱՐԲԵՐԵԼ ՄԵԼԱՆՈՄԱՆ ԱՌՈՂՋ ԽԱԼԷՆ

Մելանոման մորթի քաղցկեղի ամէնէն վտանգաւոր տեսակներէն է, որ կը զարգանայ, երբ մելանին արտադրող բջիջներուն մէջ ծինային խանգարումներ տեղի ունենան: Հիւանդութեան զարգացման մեզի ծանօթ հիմնական պատճառներէն է արեւու եւ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութիւնը: Քաղցկեղի այս տեսակը շատ վտանգաւոր է, իսկ անոր բարեյաջող բուժման հաւանականութիւնը կախեալ է կանուխ ախտորոշումէն, սակայն հարցը կը կայանայ հոն, որ հիւանդները շատ յաճախ…

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓԱՐՔԻՆՍԸՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ստորեւ Փարքինսն հիւանդութեան մասին քանի մը հետաքրքրական տուեալներ: Փարքինսընը քրոնիք է, բայց մահացու հիւանդութիւն չէ Փարքինսընը քրոնիք հիւանդութիւն է, որ կ՚ախտահարէ ուղեղին մէջ տոփամին արտադրող ջղաբջիջները (neuron): Այս նիւթին պակասը կ՚առաջացնէ շարք մը ախտանշաններ, ինչպէս՝ դողոց, շարժումներու դանդաղեցում, կաշկանդուածութիւն եւ անկայունութիւն: Հակառակ անոր որ անիկա ծանր հիւանդութիւն մըն է, սակայն մահացու չէ, կը յայտնէ Ճոն…

ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒ՞Մ ԹԷ ՎԻԹԱՄԻՆ «ՏԻ»

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Առողջապահական շրջանակներ կը պնդեն որ, ամէն տարի հակակռիփային պատուաստ ստանալը, կռիփով չհիւանդանալու լաւագոյն միջոցն է: Սակայն  այժմէական բժշկութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ընդունի այս պնդումը: Թերեւս զարմանաք, երբ կարդաք, որ բժշկական գրականութիւնը կ՚առաջարկէ վիթամին  «Տի»-ն իբրեւ հակակռիփային միջոց, որ շատ աւելի արդիւնաւէտ է, քան՝ պատուաստը… Բժիշկ Ճոն Քանելը առաջիններէն է, որ ներկայացուցած է այն միտքը, թէ…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԲՈՒԺՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱ՞Ծ

Շատեր իսկապէս պիտի զարմանան, երբ լսեն խնձորի սերմերու, բալի կորիզներու եւ ծիրանի կուտերու օգտագործման մասին, որովհետեւ անոնք որոշ քանակութեամբ սայէնայտ կը պարունակեն: Վերջին շրջանին կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնինքն այդ կուտերը կը հանդիսանան այն դարմանը, որուն երկար ատենէ ի վեր կը սպասէր մարդկութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կը պարունակեն սայէնայտ, որ թունաւոր…

ՊԱՆԱՆԸ

ՏՈՔԹ. Յ.Գ. Պանանին օգտակարութեան մասին հակասական կարծիքներ կը տիրեն ժողովուրդին մօտ: Ոմանք դժուարամարս եւ պնդութեան պատճառ կը նկատեն ու բերան չեն դներ զայն: Ուրիշներ, գնահատելով հանդերձ համն ու սննդական արժէքը՝ միայն մէկ կամ երկու հատ կ՚ուտեն անկէ, ճաշէն ետք: Կեդրոնական Ամերիկայի, Ովկիանիոյ կղզիներէն շատերուն, Ափրիկէի եւ Ասիոյ հասարակածային շրջաններուն մէջ, ժողովուրդին կենսական սնունդն է պանանը,…

ՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐ ՎԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ «ՆՈՐՔ» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ընկերակցութեամբ, վերջերս այցելած է վարակումներու յատուկ «Նորք» հիւանդանոցը: Շնորհիւ հիմնադրամի Մոնրէալի տեղական մարմնին նիւթական օժանդակութեան եւ համագործակցութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան, հիւանդանոցին տրամադրուած են թոքերու արուեստական շնչառութեան համակարգ մը եւ թուայնացած շարժական X-Ray սարքաւորում մը: Վարակումներու «Նորք» հիւանդանոցին տնօրէն Մհեր Դաւիթեանց՝ Արսէն Թորոսեանին եւ Հայկակ Արշամեանին…

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԻՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ

Ռուսական Օժանդակութեան Ծրագրի ծիրին մէջ, աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի մէջ Սիտայի (ՀՀ ԱՆ ՁԻԱՀ) կանխարգիլման կեդրոն այցելած են Ռուսիոյ Ռոսբոթրեպնադծոր (Rospotrebnadzor) Համաճարակաբանութեան Կեդրոնական Գիտահետազօտական Հիմնարկի՝ HIV վարակի եւ ժահրային լեղաբորբի ախտորոշման նոր մեթոտներու մշակման խումբի ղեկավար Տիմիթրի Քիրեւը եւ նոյն հիմնարկի գիտական աշխատող Ալինա Քիրիչենքօն: Այցելութեան ընթացքին քննարկուած են միասնաբար իրականացուող գիտահետազօտական 4 աշխատանքներէն 2-ը: Ընդգծենք,…

ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂԷՏԱԼԻ ԱՆԿՈՒՄ ԿԸ ՆՇՄԱՐՈՒԻ

Մ. Նահանգներու Քոլորատոյի համալսարանի մասնագէտներուն համաձայն, մթնոլորտին մէջ ածխաթթու կազի (carbon dioxide) մակարդակին բարձրացումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ մարդոց մտային կարողութեան վրայ: Հետազօտողները ուսումնասիրած են, թէ ինչպէ՞ս ածխաթթու կազի մակարդակին բաձրացումը կ’ազդէ մանուկներու սորվելու կարողութեան վրայ: Նախորդ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած էին, որ կազին բարձր մակարդակը կը ներգործէ մտային կարողութեան վրայ, սակայն խնդիրը դիւրութեամբ կարելի կ՚ըլլայ…

ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԾԻԾԱՂ

Ծեր կին մը կը դիմէ բժիշկին: «Տոքթոր, երբ եւ ինչպէս որ փուք արձակեմ, անիկա միշտ լուռ եւ առանց հոտի դուրս կու գայ»: Եւ իր տեսակէտը հաստատելու համար, ան փուք մը կ՚արձակէ: «Տեսա՞ք, տոքթոր, անձայն էր եւ առանց հոտի: Սխալ բան մը կայ»: Բժիշկը. «Այո, նշմարեցի: Ահա՛ դեղագիր մը ձեզի, առէք դեղերը եւ մէկ շաբաթ ետք…