ԿՈՒՐԾՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԸ ԱՄՓՈՓ ԳԻԾԵՐՈՒ ՄԷՋ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Վերջերս շատ կը խօսուի Լիբանանի մէջ քաղցկեղի համեմատութեան բարձրացումին մասին: Կիներու պարագային, կրծքագեղձի քաղցկեղը կը գրաւէ լուսարձակները, որովհետեւ ներկայիս ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ աշխարհի իւրաքանչիւր ութ կիներէն մէկը (1/8ը) կը տառապի անկէ: Համեմատութիւն մը, որ կը համապատասխանէ 12 առ հարիւրի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կիներու 12 առ հարիւրը  հակամէտ է իր…