ԴԷՄՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Բնական է օրը սկսիլ առտու ուղղուելով լուացարան: Բնական է նաեւ որ մեր դէմքը ստուգենք հայելիին առջեւ գոնէ մէկ անգամ: Սովորական դարձած մաքրութեան այս ամէնօրեայ երեւոյթը կրնայ նաեւ յայտնաբերել սպառնացող առողջական հարցեր, որոնցմէ կը տառապի մեր մարմինը: Շատ անգամ այս հիւանդութիւնները թաքուն կ՚ընթանան եւ մենք՝ անտեղեակ, չենք դիմեր բժշկական միջամտութեան: Հաւանաբար նկատած էք…