ԳԱՅԼԱՑԱՒ (MUMPS)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Լորձունքաբեր գեղձերու ժահրային բորբոքումը յաճախակի է, եւ ունկնագեղձերը (parotid gland) շատ աւելի հակամէտ են այս ժահրային բորբոքումին, որ կը կոչուի խոզուկ, ունկնախտ, ունկնակ, եւ կամ՝ գայլացաւ (mumps)։ Ունկնագեղձերը երկու հատ են, իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ, եւ կազմուած է երկու մասերէ՝ մակերեսային եւ խորունկ բլթակներէ (lobe)։…

ԱՍՊԻՐԻՆԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ՀԱԿԱՌԱԿ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ

  Ասպիրինը, զոր կարելի է գնել առանց դեղագիրի, լայնօրէն կ’օգտագործուի ցաւազրկումի եւ տաքութիւնը նուազեցնելու համար: Ան նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ արեան մակարդումը կանխարգիլելու: Պատմականօրէն, ամէնօրեայ ասպիրինը առաջադրուած է որպէս սրտանօթային հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու հիմնական միջոց տարեցներու մօտ: Սակայն, վերջին ուսումնասիրութիւնները եւ նոր ուղեցոյցները զգալիօրէն փոխած են այս տեսակէտը: «Annals of Internal Medicine» ամսաթերթին մէջ…

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ. ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՎԻՐԱԲՈՅԺ

Զարմանալի բացայայտումով մը՝ Գերմանիոյ Վըրցպուրկ (Wrzburg) համալսարանի վարքագծային կենսոլորտագէտեր յայտնաբերած են, որ մրջիւնները վիրաբուժական միջամտութիւններ կը կատարեն իրենց բունակից վիրաւոր ընկերներուն վրայ` ցոյց տալով խնամքի մակարդակ մը, որ նախապէս կը նկատուէր բացառապէս մարդ արարածի մենաշնորհը: Թէեւ ծանօթ է, որ կենդանիները յաճախ կը խնամեն միմեանց վէրքերը, սիսթեմաթիք վիրահատութեան գաղափարը աննախընթաց է: Այս յայտնագործութիւնը կը կեդրոնանայ Ֆլորիտայի…

ԱՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ   Առողջութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր ապրելակերպէն եւ մեր սպառած ուտելիքներէն ու խմելիքներէն: Ծիները շատ քիչ դեր կը խաղան, երբ ժառանգական լուրջ հիւանդութիւն մը չկայ ընտանեկան պատմութեան մէջ: Ուստի, մենք պէտք է սնուինք եւ ապրինք առողջ: Ինչ կը վերաբերի ապրելակերպին, ապա միշտ աւելի լաւ է քալել: Ամրան քրտինքը կրնայ նեղութիւն պատճառել, բայց…

ԱՐԴԵՕՔ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԱՒԵԼԻ ԾԱ՞ՆՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ՊԱՂԱՌՈՒԹԻՒՆԸ, ՔԱՆ ԿԻՆԵՐԸ

  Հաւանաբար տեսած էք, լսած պատմութիւններ, նաեւ՝ առնչուած: Կինը պաղ առած է, կը մաքրէ հոսող քիթը, սակայն կը շարունակէ իր առօրեայ գործերը։ Տղամարդը պաղ առած է, անկողնի կը ծառայէ ծածկոցներու մէջ, չ’ուզեր բան մը ընել, նոյնիսկ բժիշկի դիմել։ Որքա՞ն իրականութիւն կայ այս բոլորին մէջ, ի՞նչ բացատրութիւն կայ այս երեւոյթին մէջ։ Պաղառութիւնը կը բացատրուի քիթի, կոկորդի,…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆՈՒԽ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ` ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ

ՏՈՔԹ. ՆԱՐԻՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ Մինչ մէկ կողմէ վարակիչ հիւանդութիւնները աւելի լաւ ձեւով կը հակակշռուին բժշկութեան մէջ արձանագրուած արագ յառաջդիմութեան շնորհիւ, ինչպէս՝ պատուաստներու արագ պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը համավարակներու ընթացքին, անդին ոչ վարակիչ հիւանդութիւնները դարձած են աշխարհի ամենէն տարածուած հիւանդութիւնները, ինչպէս՝ շաքարախտը, գերճնշումը, թրիկլիսերիտներու եւ քոլեսթերոլի տեսակները (dyslipidemia) եւ այլն, որոնք կը մնան մարդուն հետ ամբողջ կեանքին ընթացքին:…

ՀԱՅ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԴԷՄՔԵՐԷՆ՝ ԱՄԻՐՏՈՎԼԱԹ ԱՄԱՍԻԱՑԻ

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Հայ բժշկական պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որ իր գիտական պատկառելի վաստակով դարձած է միջնադարեան ժամանակաշրջանի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը: Մեծ է Ամիրտովլաթ Ամասիացիի ներդրումը համաշխարհային բժշկագիտութեան զարգացման մէջ: Անոր մտքին արգասիքն են բարձրորակ շարք մը աշխատութիւններ:   *** Ամիրտովլաթ Ամասիացի ծնած է շուրջ 1420-ին, Ամասիա քաղաքին մէջ: Շրջած է…

ՔԱՂՑԿԵՂԸ ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԿԱՆՈՒԽԷՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ ԱՐԵԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ

Հետազօտողները ձեւակերպած եւ վաւերացուցած են մեքենայական ուսուցման (բազմաթիւ ալկորիթմներ մէկտեղող «software» մը կամ «program» մը) մեթոտ մը, որուն ճամբով անոնք կրնան կանուխէն յայտնաբերել քաղցկեղը` աւելի փոքր արեան նմուշներու միջոցով, կը յայտնէ նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ հրապարակուած է «Science Translational Medicine» ամսաթերթին մէջ, 24 Յունուար 2024-ին: «Բազմաթիւ փաստեր ցոյց կու տան, որ քաղցկեղը, երբ ուշ յայտնաբերուի,…

ՍԻԱԹԻՔ

ՏՈՔԹ. ՏԻԳՐԱՆ ԳԱՎԱՖԵԱՆ Ժողովուրդին մէջ ընդհանրացած այս բառն է, որ կը գործածենք իբր վերնագիր. թէեւ սիաթիք բառը ջիղի մը անունն է պարզապէս. անոր ցաւը բժիշկները կը կոչեն «նեւրալժի սիաթիք», որ կամացկամաց կրճատուած է, ժողովրդական լեզուի մէջ: Սիաթիքը կը տեսնենք, ընդհանրապէս, երեսուն տարիքը անց անձերու քով: Թէեւ հիւանդը պաղը կամ խոնաւութիւնը պատճառ կը բռնէ իր ցաւերուն,…

ԿԱՊՈՅՏ ՀԱԶ – ԽԵՂԴԱՀԱԶ (WHOOPING COUGH – PERTUSIS)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Կապոյտ հազխեղդահազը (wooping cough-pertussis) սուր վարակիչ (infectious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշուի շնչառական ուղիներու՝ խռչափողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու (bronchi) լորձնաթաղանթներուն բորբոքումով եւ ջրուռեցքով (edema) ինչպէս նաեւ՝ ուժգին, սաստիկ, ջղաձգային, անհակակշռելի եւ նոպայական հազով (paroxismal): Կապոյտ հազի յարուցիչը Պորդետելլա բերդուսիս (Bordetella pertussis) մանրէն է: Ան կը փոխանցուի օդակաթիլային ընթացքով՝ հազիփռնգտուքի միջոցով: Վարակուող…