ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄՆՐԸ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՄՕՏ. ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ
Թէ ինչո՞ւ մանուկը զայրոյթի պոռթկումներ կ՚ունենայ՝ աւելի դիւրին է տեսնել քան սահմանել: Անիկա կրնայ արտայայտուիլ լացով, ճիչով: Մանուկը կրնայ աղաղակել, ոտքերով դոփել, ինքն իր գլուխը հարուածել, ինքզինք գետին նետել, լալու ատեն` շունչը պահել, զինք շրջապատողներուն նկատմամբ ցուցաբերել յարձակողական վերաբերմունք, կոտրել առարկաները եւ այլն: Հաւանական է նաեւ վարմունքի այլ դրսեւորումներ, ինչպէս՝ երեխան անընդհատ կը դժգոհի եւ…