ՅՂԱՑՈՒՄԸ ԱՐԳԻԼՈՂ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԵԾԵՐՈՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ. ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ Անցեալ դարերէն մինչեւ այսօր, մարդկային երեւակայութիւնը, միացած հնարամտութեան եւ ժամանակի գիտական յառաջդիմութիւններու ընծայած հնարաւորութեանց, առիթ չէ փախցուցած փորձելու, կիրարկելու յղացումը արգիլող միջոցառումներ, որոնց մեծագոյն մտահոգութիւնը եղած է, առանց վնասելու կնկան առողջութեան եւ առանց «օձիքը ձեռք տալու» վայելել կեանքի հաճոյքները: Վիժումը, միշտ ալ արգիլուած (բացի համայնավար կարգ մը երկիրներէն) կամ պետական…