ՀՕՄ-Ը ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԸ ՀԱՄԱԴՐՈՂՆԵՐ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) յայտարարեց, թէ նշանակած է Քրիստինա Մեհրանպոտը՝ իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարուող ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն համադրողը, եւ Մարալ Թիւթիւնճեանը՝ իբրեւ օգնական համադրող: Մեհրանպոտ եւ Թիւթիւնճեան Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ներկայացնեն ՀՕՄ-ը զանազան ժողովներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ այլազան գործակալութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ընթացիկ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին: Քալիֆորնիոյ…