ՄԻՆՉԵՒ ԲԺԻՇԿԻՆ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ

ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՂԸՐԵԱՆ   Ի՞ՆՉ Է ԱՐԿԱԾԸ Մարդկային մարմնին անակնկալ վնաս հասցնող որեւէ պատճառ կը դասուի արկածներու շարքին: Արկածի արդիւնք են վէրքերը նախապէս առողջ մորթի վրայ, արիւնահոսումները, յօդային խախտումները, ոսկրային բեկումները, թունաւորումները եւ զգայազուրկ վիճակները:   Ո՞ՒՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ Արկածները կը պատահին ամէն տեղ, ուր մարդիկ ներկայութիւն հաստատած են՝  տուներէն ներս, վերելակներուն մէջ, փողոցին…