ԴԱՋՈՒԱԾՔ (TATOO) ԸՆԵ՞Լ, ԹԷ ՈՉ

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Դաջուածքը մորթի տակ թանաքի կամ ներկի միջոցով պատկերներու, նախշերու դրոշմումն է: Դաջուածքը շատ հին սովորութիւն է: Տարբեր մշակոյթի ներկայացուցիչներ, ըստ աւանդոյթի կը դաջէին իրենց երեսները կամ մարմինի տարբեր մասերը: Այն սկսաւ արդիականանալ 1700 թուականներէն սկսեալ, երբ անգլիացի բուսաբան Սըր Ճոզեֆ Պեքսը, նաւային երկար ճանապարհորդութենէն, Անգլիա վերադարձաւ դաջուածք ըրած. ան Անգլիոյ բարձր խաւի ներկայացուցիչ…