ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿՐԿՆՈՒԹԻ՞ՒՆ

ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Պատմութեան ամէնէն մահացու համաճարակէն անցած են 103 տարիներ: Այսօր գիտնականները խուճապի մատնուած են լուծում մը գտնելու երկու տարի առաջ բռնկած նմանօրինակ համաճարակի մը: 1918-ի Influenza-ն (կռիփը) սպաննեց տասնեակ միլիոններով մարդիկ եւ քանի մը ամսուան ընթացքին տարածուեցաւ երկրագունդին մէջ: Այսօրուան «Քորոնա» ժահրի բռնկումը մասնագէտները կը ստիպէ վերլուծելու անցնող համաճարակներու եզրակացութիւնները՝ նպատակ ունենալով, թէ…