ԱՌԱՋԻՆ ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՒԵԼԱՆՅ 80 ՏՈԿՈՍՈՎ
Առաջին ծննդաբերութենէն ետք կանանց մօտ կրծքագեղձի քաղցկեղին հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ 80 տոկոսով, եզրակացուցած են Նորթ Քարոլայնա համալսարանի գիտնականները: Հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ հիմա երեխային ծնունդը կը նկատուէր կրծքագեղձի քաղցկեղէն պաշտպանող գործոն: Գիտնականները կ՚ըսէին, որ ծննդաբերութենէն յետոյ տեղի կ՚ունենան կրծքագեղձի բջիջներու փոփոխութիւններ, որոնք յիշեալ գեղձերը նուազ խոցելի կը դարձնեն քանսերային գոյացումներու հանդէպ: Սակայն, խորքին մէջ, տարիքի,…