ՏՈՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Անհաւատալի, անսպասելի էր մահուանդ լուրը բոլորին համար: Ոչ ոք հաւատաց, թիւրիմացութիւն կարծուեցաւ, մանաւանդ որ կը յաջորդէր հօրդ կորուստին` հազիւ տասը օրուան տարբերութեամբ: Տակաւին բոլորս կը յիշենք, ցաւակցութիւններու ընթացքին, երբ վիշտդ զսպելով` աշխուժ ձեւով կը պատմէիր հօրդ` Սարգիս Տեմիրճեանի վաստակին մասին իբրեւ ֆութպոլի իրաւարար, որ «Կինես»-ի մրցանիշներու մէջ յիշատակուած էր որպէս միջազգային իրաւարարներու…