ՅՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐ (CONTRACEPTION)
ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Յղութիւնը կանխարգիլող միջոցները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ոչ միայն խուսափելու անցանկալի յղութենէ, այլեւ ծրագրելու ապագայ երեխաներուն թիւը եւ անոնց ծնելու հաւանական ժամկէտները: Հակաբեղմնաւորիչներ չօգտագործելու հետեւանք է անբաղձալի յղութիւնը, որմէ ձերբազատելու նպատակով (ըստ UNESCO-ի տուեալներու), իւրաքանչիւր 10 վայրկեանը կին մը կը մահանայ: Յղութենէն խուսափելու նպատակով կ՚օգտագործուին, ինչպէս հակաբեղմնաւորիչ տարբեր միջոցներ, այնպէս ալ յատուկ…