ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ՎԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ

Առողջապահական վարակումները կամ աւելի ծանօթ իբրեւ հիւանդանոցային վարակումներ, տարբեր տեսակի վարակումներ են, որոնց մարդ արարածը կ՚ենթարկուի առողջապահական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս՝ հիւանդանոց, դարմանատուն, ծերանոց կամ այլ բուժարաններ: Յիշեալ վարակումը հիւանդը սովորաբար կը ստանայ տարբեր միջոցներէ: Փոխանցողը կրնայ ըլլալ առողջապահական հաստատութեան անձնակազմին մէկ անդամը, օգտագործուած սարքաւորումները, մահճակալներն ու ճերմակեղէնը, օդին մէջ գտնուող շնչառական փոխանցիկ կաթիլները (օրինակ՝ փռնգտալու…