ԳԼԽԱՑԱՒ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ

Գլխացաւ պատճառող գործօնները բաւական շատ են եւ անոնց մէջ կը մտնեն նաեւ որոշ ուտելիքներ։ Ըստ գլխացաւի մասնագէտ Պելինտա Սեւիճ-Էտուըրտզի (Մ. Նահանգներ), բնակչութեան 10 առ հարիւրը զգայուն է սննդային «խթանիչներու» հանդէպ, որոնք կրնան գլխացաւ եւ նոյնիսկ միկրենի նոպայ յառաջացնել։ Սակայն, բաւական դժուար է պարզել, թէ յատկապէս ո՞ր ուտելիքները գլխացաւ յառաջ կը բերեն մարդուն մօտ։ Այսուհանդերձ, կան…