Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ ՄԱՐԶԱՆՔԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ

Սննդագէտներու ուղուած ամէնէն ընթացիկ հարցերէն մէկն է. «Ի՞նչ ուտել մարզանքէն առաջ եւ վերջ»: Թէեւ պատասխանը ընդհանրապէս կախեալ կ՚ըլլայ մարզիկէն եւ մարզանքի տեսակէն, բայց կան նաեւ որոշ ընդհանուր ճշմարտութիւններ, որոնք կը վերաբերին մարզանքէն առաջ եւ ետք սպառուող սնունդին: Մի՛ շրջանցէք ածխաջրածին պարունակող ուտելիքները Ածխաջրածինը կամ ածխաջուրը (Carbo-hydrates) վառելանիւթի դերը կը կատարէ ձեր «մեքենային» համար (օրինակ՝ ձեր…