ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ ԱՐԵԱՆ ԵՒ ԼՈՐՁՈՒՆՔԻ ՊԱՐԶ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՔԱՂՑԿԵՂ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, կը նախատեսուի որ քաղցկեղի 35 միլիոն նոր պարագաներ արձանագրուին 2050 թուականին՝ 77 տոկոսով աւելի քան 2022-ին գնահատուած 20 միլիոն պարագաները՝ ընդգծելով հիւանդութեան կանուխ յայտնաբերման արդիւնաւէտ մեթոտներու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Կանուխ ախտորոշման բերումով, բուժման եղանակները ընդհանրապէս աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլան: Վերջերս, Շուէտի Կէօթենպըրկ համալսարանի հետազօտողները պարզած են, որ քաղցկեղի բջիջներուն մէջ յայտնաբերուած…