COVID19-ՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ԱՊԱՔԻՆԱԾ ԱՆՁԵՐ ՊԷ՞ՏՔ Է ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒԻՆ

Վերջին տուեալներու համաձայն, աշխարհի տարածքին աւելի քան 115 միլիոն անձ վարակուած է պսակաձեւ ժահրով, հետեւաբար հարց կը տրուի. անոնք պէ՞տք է պատուաստուին: Երկու նոր ուսումնասիրութիւններ այս հարցին կը պատասխանեն «միանշանակ այո»-ով, եւ կը նշեն, որ այս մարդոց բաւարար է տալ պատուաստի միայն մէկ չափ՝ անոնց արեան մէջ հակամարմիններ յառաջացնելու եւ պսակաձեւ ժահրը ոչնչացնելու համար, կը…