ՊՍԱԿԱՒՈՐ ԺԱՀՐԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ՍՆՈՒՆԴ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Պսակաւոր ժահրի բռնկումը տակնուվրայ ըրաւ ընտանիքներու բնականոն առօրեան ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քանի որ դպրոցները փակ են, բազմաթիւ ծնողներ տան մէջ կ՚անցընեն ամբողջ օրը` փորձելով ներդաշնակել երեխաներուն խնամքը, անոնց առցանց աշխատանքն ու այլ` մէկը միւսէն աւելի կարեւոր պարտականութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ, նոյնիսկ «ի՞նչ եփել այսօր» հարցը կրնայ մէկ այլ մարտահրաւէր դառնալ: Աւելին, խուճապային գնումներն ու սննդամթերքի…