Պսակաւոր ժահրի բռնկումը տակնուվրայ ըրաւ ընտանիքներու բնականոն առօրեան ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քանի որ դպրոցները փակ են, բազմաթիւ ծնողներ տան մէջ կ՚անցընեն ամբողջ օրը` փորձելով ներդաշնակել երեխաներուն խնամքը, անոնց առցանց աշխատանքն ու այլ` մէկը միւսէն աւելի կարեւոր պարտականութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ, նոյնիսկ «ի՞նչ եփել այսօր» հարցը կրնայ մէկ այլ մարտահրաւէր դառնալ:
Աւելին, խուճապային գնումներն ու սննդամթերքի մատակարարման շղթաներու խաթարումները պատճառ կը դառնան, որ դժուարանայ սննդամթերքի բազմաթիւ տեսակներու ձեռքբերումը: Իսկ շատերու համար, գործազրկութեան եւ կորսնցուցած աշխատավարձին պատճառով սննդամթերք գնելը նիւթական մեծ բեռ դարձած է:
Բնական է, որ շատ մը ծնողներ, իբրեւ սնունդի աժան տարբերակ, կը փորձեն պատրաստ կամ տուփեղէն ճաշեր հրամցնել, բայց գոյութիւն ունին նաեւ այլ յարմար, մատչելի եւ առողջ տարբերակներ:
Առողջ սնունդ ստանալու 5 սկզբունքներ.
- Թարմ պտուղ եւ բանջարեղէն օգտագործեցէ՛ք:
Թարմ բանջարեղէն գնելը, պահպանելն ու պատրաստելը կրնայ դիւրին չըլլալ ինքնամեկուսացման օրերուն, յատկապէս երբ խորհուրդ կը տրուի սահմանափակելու տունէն դուրս գալը: Բայց, երբ կարելիութիւններ ստեղծուին, կարեւոր է ընել այնպէս, որ մանուկներուն սննդականոնին մաս կազմեն պտուղներն ու բանջարեղէնը:
Եթէ կարելիութիւնը ունիք թարմ ուտեստեղէն գնելու, գնեցէ՛ք առանց յապաղելու: Պտուղն ու բանջարեղէնը թարմ ուտելէ բացի, կրնաք նաեւ սառեցնել, որպէսզի պահպանուին համն ու հոտը եւ այլ սննդարար նիւթերը:
Թարմ բանջարեղէնով արգանակներն ու այլ կերակուրները պատրաստել մեծ բաժիններով: Պատրաստ վիճակի մէջ անոնք աւելի երկար կը մնան եւ կրնան նոյնպէս օգտագործուիլ նոր կերակրատեսակներ պատրաստելու համար: Կարելի է նաեւ սառեցնել պատրաստի կերակրատեսակները եւ ուտելէն առաջ արագ մը տաքցնել:
2.Երբ ձեռքի տակ չկայ թարմը, օգտագործեցէ՛ք չորերը կամ պահածոյացուած տարբերակներ:
Ամէն տեսակի ուտելիքին թարմը գրեթէ միշտ սնունդին լաւագոյն տարբերակն է: Բայց երբ թարմը հասանելի չէ, այլընտրանքի այլ տարբերակներ կան, զորս կարելի է դիւրութեամբ պահպանել եւ պատրաստել:
Պահածոյացուած լուբիան եւ սիսեռը, որոնք սնուցիչ բազմաթիւ տարրեր կը պարունակեն, կարելի է պահպանել ամիսներով, նոյնիսկ` տարիներով եւ կարելի է զանոնք շատ տարբեր ձեւերով օգտագործել կերակրատեսակներու մէջ:
Պահածոյացուած իւղոտ ձուկը, ինչպէս օրինակ` սարտինը, բորտակը, լոսդին (salmon), հարուստ են սպիտակուցներով, օմէկա 3 ճարպաթթուներով եւ շարք մը այլ կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով: Զանոնք կարելի է օգտագործել սենտուիչներ, աղցաններ կամ փասթա պատրաստելու ատեն կամ պարզապէս՝ առանձին ուտել:
Պահածոյացուած բանջարեղէնը, օրինակ` լոլիկը, սովորաբար նուազ քանակութեամբ կենսանիւթեր կը պարունակէ քան թարմը, բայց այն հրաշալի տարբերակ է, եթէ ձեռքի տակ չկայ թարմ կամ սառեցուած տարբերակը:
Հատիկաւորները, օրինակ` լուբիան, ընդեղէնն ու ձաւարեղէնը, ինչպէս օրինակ` ոսպը, դեղին ոլոռնը, բրինձը, կուսկուսը կամ քինոան եւս կարելի է երկար պահպանել, համով են, մատչելի եւ յագեցնող: Կաթով կամ ջրով պատրաստուած վարսակը նախաճաշի հրաշալի տարբերակ է, կարելի է ուտել մածունով, կտրտած պտուղներով կամ չամիչով:
- Ձեր մօտ ունեցէ՛ք առողջարար խորտիկներու (snack) պաշար:
Օրուան ընթացքին երեխաները յաճախ մէկ-երկու խորտիկ (snack) կը սիրեն ուտել: Անոնց քաղցրաւենիք կամ աղի խորտիկներ տալու փոխարէն, կարելի է տալ ընկուզեղէն, պանիր, մածուն, կտրատուած պտուղ կամ չոր միրգեր, նաեւ՝ խաշուած հաւկիթ: Նշուածները աւելի սննդարար են, աւելի յագեցնող եւ կ՚օգնեն մանուկին մօտ ձեւաւորելու առողջարար սնունդ ստանալու սովորութիւն մը ամբողջ կեանքին համար:
- Սահմանափակել վերամշակուած սննդամթերքի (տուփեղէն) օգտագործումը:
Քանի որ թարմ սննդամթերք օգտագործելը միշտ կարելի չէ, փորձե՛նք գնումի ատեն չափաւորել վերամշակուած (տուփեղէն) սննդատեսակները: Պատրաստ ճաշերը, փաթեթաւորուած խորտիկները եւ քաղցրեղէնները յաճախ մեծ քանակութեամբ ճարպ, շաքար եւ աղ կը պարունակեն: Եթէ, ամէն պարագայի, վերամշակուած սննդամթերք պիտի գնենք, լաւ կ՚ըլլայ որ ուշադրութիւն դարձնենք պիտակին եւ փորձենք ընտրել այնպիսի տարբերակներ, որոնք քիչ քանակութեամբ աղ, շաքար ու ճարպ կը պարունակեն:
Փորձենք սահմանափակել նաեւ շաքար պարունակող խմիչքները: Փոխարէնը` շատ ջուր խմենք: Պտուղի, լեմոնի կամ վարունգի կտորներ ջուրին մէջ աւելցնելը կրնայ զայն աւելի հաճելի դարձնել:
- Կերակուր պատրաստելը եւ սեղան նստիլը դարձնել ձեր ընտանեկան առօրեային ուրախ եւ իմաստալից մասը:
Միասին ճաշ պատրաստելն ու ուտելը կը նկատուին ընտանեկան կապերը ամրապընդող եւ առողջարար առօրեայ մը ձեւաւորող հրաշալի տարբերակներ: Երբ կարելի է, ձեր երեխաները ներգրաւեցէք ճաշի պատրաստութեան գործընթացին մէջ:
Փոքրիկները կրնան օգնել ամանները լուալու եւ դասաւորելու այն ինչ անհրաժեշտ է, իսկ պատանիները կրնան աւելի բարդ «գործեր» ընել եւ սեղանը շտկել: