ԱՌԱՆՑ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԹԵԹԵՒ COVID-19 ՈՒՆԵՑՈՂ ՓՈՔՐԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՀԱԿԱՄԱՐՄԻՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՉՅԱՌԱՋԱՆԱԼ
COVID-19-էն յետոյ երեխաները մեծերուն պէս կրնան նորէն վարակուիլ քորոնայով, մանաւանդ եթէ հիւանդութիւնը թեթեւ կամ առանց ախտանշաններու անցուցած են: Նման եզրակացութեան յանգած են Մըրտոքի Մանկական գիտահետազօտական հիմնարկի (Աւստրալիա) գիտնականները: Նոր հետազօտութիւնը տակաւին չէ գրախօսուած եւ հրապարակուած է վարկածներու յատկացուած medrxiv բաց հրապարակումներու կայքէջին վրայ: Հետազօտութեան մէջ համեմատուած են COVID-19-ով թեթեւ կամ անախտանիշով հիւանդացած 57 մանուկներու եւ…