ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

ՍՆՆԴԱԳԷՏ ՄԱՐԻԱ Գ. ՏԱԳԷՍԵԱՆ «Covid-19» համաճարակին ընթացքին, շատեր հարցեր ուղղեցին եւ տակաւին կ՚ուղղեն ուտելիքներու մասին, օրինակ` – Ո՞րն է լաւագոյն սննդանիւթը կամ վիթամինը՝ կանխելու covid-էն վարակումը: – Ո՞ր ուտելիքը կը զօրացնէ անհատին ախտամերժութեան համակարգը: – Ի՞նչ կրնանք խմել (բուսական ըմպելիքներ) խուսափելու համար վարակուելէ: Եւ դեռ շատ աւելին: Այս համավարակը մեծապէս ազդեց մարդկութեան վրայ՝ անյայտ ապագայի…