ՈՐՔԱՆ ՇՈՒՏ ՍՏԱՆԱՔ COVID19-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ՝ ԱՅՆՔԱՆ ՇՈՒՏ Կ՚ԱՒԱՐՏԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ
ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Անգլիացի գիտնական եւ բժիշկ Էտուըրտ Ճէնըրի կատարած պատուաստի առաջին գիւտէն ի վեր, 1796-ին, մարդկութիւնը սկսած է ունենալ միջոցը եւ առաւելութիւնը կանխելու վարակիչ հիւանդութիւնները: 20-րդ դարուն, պատուաստ մշակելու տեւողութիւնը կը գնահատուէր 5-10 տարիով՝ հետազօտութենէն մինչեւ շուկայ: «Շուկայ» ըսելով նկատի ունինք արտադրող տարբեր ընկերութիւններ, որոնք ճշգրիտ նոյն բաղադրութիւնը կը պատրաստեն, եւ հանրութիւնը կը պատուաստուի…