ՄՕՐ ՍԹՐԵՍԸ ԿՈՒՐԾՔԻ ԿԱԹԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ԵՐԵԽԱՅԻՆ

Մօր յետծննդաբերական սթրեսը կ’ազդէ նորածինի առողջութեան վրայ, իսկ այդ սթրեսին փոխանցման հաւանական միջոցներէն մէկը կուրծքի կաթին բաղադրութեան փոփոխութիւնն է: Հոլանտացի գիտնական-ները որոշած են պարզել, թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատի այդ մեքանիզմը: Անոնք ուսումնասիրած են յետծննդաբերական մայրական սթրեսի կենսաբանական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը կուրծքի կաթին ճարպա-թըթուներու բաղադրութեան վրայ: Ծանօթ է, որ ճարպաթթուները անհրաժեշտ են երեխայի առողջ զարգացման համար, իսկ…

ՍԹՐԵՍԸ ԵՒ ՍՐՏԻ ՏԱԳՆԱՊԸ

Շուէտի Լինքէօփինկ համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են կապ մը սթրեսի հորմոնին՝ քորթիզոլի բարձր մակարդակին եւ անոր յաջորդող սրտի տագնապին միջեւ, կը նշէ Scientific Reports ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւն մը: Գիտնականները վերլուծած են 174 կամաւորներու մազերու նմուշներ, կը յայտնէ MedicalXpress-ը: Մազերը ունեցած են 1-3 սմ երկարութիւն, ինչ որ կը համապատասխանէ 1-3 ամսուան աճին: Բոլոր կամաւորները սրտի կաթուածի…