ՄՕՐ ՍԹՐԵՍԸ ԿՈՒՐԾՔԻ ԿԱԹԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ԵՐԵԽԱՅԻՆ

Մօր յետծննդաբերական սթրեսը կ’ազդէ նորածինի առողջութեան վրայ, իսկ այդ սթրեսին փոխանցման հաւանական միջոցներէն մէկը կուրծքի կաթին բաղադրութեան փոփոխութիւնն է: Հոլանտացի գիտնական-ները որոշած են պարզել, թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատի այդ մեքանիզմը: Անոնք ուսումնասիրած են յետծննդաբերական մայրական սթրեսի կենսաբանական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը կուրծքի կաթին ճարպա-թըթուներու բաղադրութեան վրայ: Ծանօթ է, որ ճարպաթթուները անհրաժեշտ են երեխայի առողջ զարգացման համար, իսկ…