Մօր յետծննդաբերական սթրեսը կ’ազդէ նորածինի առողջութեան վրայ, իսկ այդ սթրեսին փոխանցման հաւանական միջոցներէն մէկը կուրծքի կաթին բաղադրութեան փոփոխութիւնն է: Հոլանտացի գիտնական-ները որոշած են պարզել, թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատի այդ մեքանիզմը: Անոնք ուսումնասիրած են յետծննդաբերական մայրական սթրեսի կենսաբանական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը կուրծքի կաթին ճարպա-թըթուներու բաղադրութեան վրայ:
Ծանօթ է, որ ճարպաթթուները անհրաժեշտ են երեխայի առողջ զարգացման համար, իսկ անոնց անբաւարար քանակութիւնը սննդաբաժնին մէջ կ’աւելցնէ տարբեր հիւանդութիւններու յառաջացման հաւանականութիւնը աւելի ուշ տարիքին:
Հետազօտութիւնը ընդգրկած է 18 եւ աւելի բարձր տարիքի երիտասարդ մայրեր, որոնք մտադրած էին կուրծքով կերակրել, յամենայնդէպս, առաջին ամսուան ընթացքին:
Խումբին մէջ կային ինչպէս առողջ, այնպէս էլ հիւանդանոց մնացած նորածիններու մայրեր:
Մայրերը հարցաթերթիկ լեցուցած էին, որ օգնած էր գիտնականներուն որոշելու անոնց տագնապին մակարդակը, յետծննդաբերական ընկճուածութեան առկայութիւնը եւ սնուելու բնոյթը: Հաւաքուած էին նաեւ մազերու, թուքի եւ, բնականաբար, կուրծքի կաթի նմուշներ:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ մօր յետծննդաբերական սթրեսը կը յանգեցնէ կուրծքի կաթի ընդհանուր, յագեցած, երկարաշղթայ կիսահագեցած, մոնոհագեցած եւ օմէկա-6 ճարպաթթուներու խտութեան նուազումին: Եւ, ըստ հետազօտութեան հեղինակներուն, կուրծքի կաթին մէջ հէնց ճարպաթթուներուն ցած մակարդակը կրնաէ երեխային փոխանցել սթրեսի ազդանշանը: