ՎԱՏ ՔՈՒՆԸ ԿԱՊՈՒԱԾ Է ՈՒՂԵՂԻ ԱՐԱԳԱՑՈՒԱԾ ԾԵՐԱՑՄԱՆ ՀԵՏ
Շուէտի Քարոլինսքա հիմնարկի գիտնականները պարզած են, որ քունի խանգարումներ ունեցող մարդոց ուղեղը իրենց ժամանակագրական տարիքէն աւելի ծեր կ’երեւին: Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է EBioMedicine ամսագիրին մէջ: Հետազօտութեան մասնակցած է UK Bio-bank-էն միջին եւ տարեց տարիքի 27,5 հազար անհատ, որոնք ենթարկուած են գլխուղեղի MRI-ի։ Մեքենայական ուսուցման միջոցով գիտնականները գնահատած են գլխուղեղի «կենսաբանական տարիքը»՝ զայն համադրելով փաստացի տարիքի հետ։…







