ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` 185 Համալսարանականներու, 200 Դպրոցականներու, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան` կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու: Բարի  գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ…

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՆԾԱՑՆԷ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ Հայ ժողովուրդի կեանքը անջրդի եւ թափուր պիտի մնար առանց «Ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին համար» նշանաբանով ստեղծուած եւ իր անմնացորդ, գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւնը բերած կանացի այս եզակի կազմակերպութեան` ՀՕՄ-ին եւ անոր լիբանանեան կառոյցին` ԼՕԽ-ին: Պատահական ձեւով չստեղծուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Յստակ կարիքէ մը մղուած եւ տարագիր հայութեան վէրքերը ամոքելու ու հայորդիներուն բեռը թեթեւցնելու միտումով…