ԶԳՈ՛ՅՇ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԷՆ

Քաղցկեղը վտանգաւոր հիւանդութիւն մըն է, որ կ’առաջացնէ չարորակ բջիջներու անվերահսկելի բաժանումներ: Քաղցկեղը կրնայ ախտահարել մարմնին գրեթէ որեւէ մասը, իսկ ախտանշանները կ’արտայայտուին տարբեր ձեւերով: Անոնց կանուխ յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, քանի որ ուռը, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը բուժուի առաջին փուլերուն: Ըստ Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիա Համալսարանի (UCSF) տուեալներուն, կան քաղցկեղի չորս ախտանշաններ, որոնք կրնան կապուած ըլլալ առողջական…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԲՈՒԺՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱ՞Ծ

Շատեր իսկապէս պիտի զարմանան, երբ լսեն խնձորի սերմերու, բալի կորիզներու եւ ծիրանի կուտերու օգտագործման մասին, որովհետեւ անոնք որոշ քանակութեամբ սայէնայտ կը պարունակեն: Վերջին շրջանին կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնինքն այդ կուտերը կը հանդիսանան այն դարմանը, որուն երկար ատենէ ի վեր կը սպասէր մարդկութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կը պարունակեն սայէնայտ, որ թունաւոր…

ՄԱԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԵՐԸ Կ՚ԱՒԵԼՑՆԵ՞Ն ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՎՏԱՆԳԸ

Գիտնականներու համաձայն, այն կիները, որոնք կանոնաւոր եւ անընդհատ կերպով կ՚օգտագործեն ներկեր եւ քիմիական նիւթեր մազերու համար, աւելի բարձր համեմատութեամբ ենթակայ են կրծքագեղձի քաղցկեղ զարգացնելու վտանգին, քան այն կիները, որոնք չեն օգտագործեր այդ արտադրութիւնները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակած է International Journal of Cancer պարբերականը: Առողջութեան ազգային հիմնարկի անդամ ամերիկացի գիտնականներ վերլուծած են 46 հազար 709 կիներու տուեալները,…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԶԷՆՔԸ՝ ԴՈՒՆ

  Ախտամերժ մէկ բջիջ: Կ՚ենթադրուի որ CAR T բջիջային բուժման միջոցով այս փոքրիկ բայց հզօր կենսուժը կրնայ գտնել եւ ոչնչացնել ուռուցքային բջիջները: Քաղցկեղի ուսումնասիրութեան եւ դարմանումի ամէնէն խոստմնալից մարզերէն մէկը կը նկատուի ախտամերժ բուժումը (immunotherapy), երբ հիւանդին սեփական ախտամերժ համակարգը (immune system) կը ներառնուի քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ: Այս մօտեցումը միայն պարզ ուսումնասիրութեան առարկայ մը…

ՈՒՌԵՐՈՒ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ՕԳՏԱԿԱՐ ԲԱՅՑ ՈՉ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ 50 տարի առաջ, կարելի չէր դիւրութեամբ ուռի մը ախտաճանաչումը կատարել: Ուռերուն մեծ մասը ազդարարներ չունէին եւ նոյնիսկ քաղցկեղի բնախօսութիւնը այդքան ծանօթ չէր: Բժշկութեան մարզին մէջ կատարուած զարգացումները միաժամանակ նպաստած են ախտաճանաչման գիտելիքներու զարգացման: Հիմա կրնանք կատարել արեան հերթական քննութիւններ՝ վերահսկելու, ախտաճանաչումը կատարելու, հետեւելու կանխատեսումին եւ նոյնիսկ որոշ քաղցկեղներու պարագային՝ օգտակար դառնալու բուժման:…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, զոր կը ներկայացնէ քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ: Դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին…

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ Վերջերս Հայաստան այցելեցին Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւ Կորիզային Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան ներկայացուցիչները` Armenia imPACT Review առաքելութեան շրջագիծին մէջ: Այցելութեան նպատակն էր խորհրդակցական օժանդակութիւն տրամադրել քաղցկեղի դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան մշակման աշխատանքներուն մէջ: Միջազգային մասնագէտները հանդիպում մը ունեցան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան վարչութեան անձնակազմին հետ: Անոնք քննարկումներ ունեցան նաեւ հայ մասնագետներու հետ,…

6 ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ԱՌՆՉՈՒԻԼ ԱՂԻՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻՆ

Աղիքներու քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ տարիքի հետ, սակայն անիկա կը յայտնուի նաեւ երիտասարդներու մօտ: Քաղցկեղի այս տեսակին զարգացման նպաստող հիմնական գործոններն են սխալ կենսակերպը, ֆիզիքական շարժումի սակաւութիւնը, նստակեաց աշխատանքը, անառողջ սննդեղէնի եւ ալքոլի գործածութիւնը, ինչպես նաեւ՝ թարմ պտուղներու եւ բանջարեղէնի պակասը: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, հաստ աղիքի քաղցկեղը ամէնէն աւելի տարածուած քանսերային հիւանդութիւններէն մէկն է, ուստի…