ԶԳՈ՛ՅՇ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԷՆ

Քաղցկեղը վտանգաւոր հիւանդութիւն մըն է, որ կ’առաջացնէ չարորակ բջիջներու անվերահսկելի բաժանումներ: Քաղցկեղը կրնայ ախտահարել մարմնին գրեթէ որեւէ մասը, իսկ ախտանշանները կ’արտայայտուին տարբեր ձեւերով: Անոնց կանուխ յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, քանի որ ուռը, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը բուժուի առաջին փուլերուն: Ըստ Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիա Համալսարանի (UCSF) տուեալներուն, կան քաղցկեղի չորս ախտանշաններ, որոնք կրնան կապուած ըլլալ առողջական…