ՔԱՂՑԿԵՂԸ ԽԼԵՑ ԻՐ ՁԱՅՆԸ, ԻՍԿ ԻՆՔ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՑ ԶԱՅՆ
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ Երբ բժիշկները յայտնեցին իրեն, որ պէտք է հեռացնեն իր լեզուն եւ ձայնատուփը՝ բերնին մէջ սկսած քաղցկեղին պատճառով վտանգուած կեանքը փրկելու համար, Սոնիա Սոթինսքին նստաւ բարձրախօսին առջեւ՝ ձայնագրելու համար այն բառերը, զորս այլ-եւս երբեք պիտի չկարենար արտայայտել։ «Շնորհաւոր ծնունդդ» եւ «Ես հպարտ եմ քեզմով» բառերը գլխաւոր տեղը գրաւեցին այն արտայայտութիւններուն մէջ, զորս ան…










