ՈՒՌԵՐՈՒ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ՕԳՏԱԿԱՐ ԲԱՅՑ ՈՉ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ 50 տարի առաջ, կարելի չէր դիւրութեամբ ուռի մը ախտաճանաչումը կատարել: Ուռերուն մեծ մասը ազդարարներ չունէին եւ նոյնիսկ քաղցկեղի բնախօսութիւնը այդքան ծանօթ չէր: Բժշկութեան մարզին մէջ կատարուած զարգացումները միաժամանակ նպաստած են ախտաճանաչման գիտելիքներու զարգացման: Հիմա կրնանք կատարել արեան հերթական քննութիւններ՝ վերահսկելու, ախտաճանաչումը կատարելու, հետեւելու կանխատեսումին եւ նոյնիսկ որոշ քաղցկեղներու պարագային՝ օգտակար դառնալու բուժման:…