ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ Վերջերս Հայաստան այցելեցին Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւ Կորիզային Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան ներկայացուցիչները` Armenia imPACT Review առաքելութեան շրջագիծին մէջ: Այցելութեան նպատակն էր խորհրդակցական օժանդակութիւն տրամադրել քաղցկեղի դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան մշակման աշխատանքներուն մէջ: Միջազգային մասնագէտները հանդիպում մը ունեցան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան վարչութեան անձնակազմին հետ: Անոնք քննարկումներ ունեցան նաեւ հայ մասնագետներու հետ,…


