ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄԱՐՍՈՒԻ ՄԵՐ ՍՆՈՒՆԴԸ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Մարդու օրկանիզմը այնպէս է ստեղծուած, որ ամենաբարդ, տարբեր վիճակներու մէջ ընդունուած սննդային խառնուրդը նոյնպէս կը տրոհուի աւելի պարզ ձեւերու եւ նոր միայն կը մարսուի։ Մարսողութիւնը կը սկսի բերանի խոռոչէն, ուր թքագեղձերու արտադրած հիւթերու ազդեցութեան տակ մանրուած սնունդը կը մշակուի, ապա կ՚անցնի ստամոքս: Ստամոքսի մէջ մարսողական հիւթերը, որոնք կը պարունակեն տարբեր խմորիչներ՝…