ՀԱՍԿՆԱԼ ԵՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐԵԼ ՍԱՐՍԱՓԻ ՆՈՊԱՆԵՐԸ (PANIC ATTACKS)
ԱԶՆԻՒ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Սարսափի նոպաները աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ յաճախ հանդիպող հոգեբանական խանգարումներն են։ Շատ մարդիկ կը դիմագրաւեն այս նոպաները յանկարծակի եւ առանց նախնական նախազգուշացման, ինչ որ անոնց կը պատճառէ ուժեղ լարուածութիւն եւ խուճապ։ Սարսափի նոպաները կրնան յայտնուիլ անակնկալ ձեւով, կամ ըլլալ PanicDisorder կոչուող խանգարումէն մաս մը, որ կրնայ լուրջ կերպով ազդել մեր առօրեային վրայ:…

