ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԸԼԼԱԼ
ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ կան քանի մը կերակուրներ, որոնք բնական թոյներ կը պարունակեն եւ որոնք սխալ ձեւով ուտուելու պարագային կրնան սաստիկ հիւանդութիւն կամ նոյնիսկ մահ պատճառել։ Ուրիշ տեսակներ՝ նոյնիսկ շատ փոքր քանակով, կրնան ծանր ախտանիշեր յառաջացնել։ Արագ հիւանդանոցային բուժումի դիմելը յաճախ կեանք կը փրկէ։ Ուրեմն, օգտակար է այս կերակուրներուն շուրջ որոշ…

