News & Events

Չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան` կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ տեղեկացուց, թէ այս տարի ԱՖՀԻԼ օժանդակութիւն կը տրամադրէ 185 հայ ուսանողներու` Լիբանանի տարբեր համալսարաններու մէջ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ստացող` նպատակ ունենալով անոնց կեանքի այս փուլին նեցուկ եւ քաջալերող հանդիսանալ:

Ապա ան խօսեցաւ ընդհանրապէս ԱՖՀԻԼ-ի գործունէութեան մասին` դիտել տալով, որ անիկա, շնորհիւ տարուած հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին, Լիբանանի ապահովագրական ընկերութիւններու ցանցին մէջ կը գրաւէ բարձր դիրք` իր ծառայութիւններու որակով, եւ ասոր լաւագոյն ապացոյցն է տարուէ տարի աճող անոր մօտ ապահովագրուողներուն թիւը:

Խօսքը ուսանողներուն ուղղելով` Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ըսաւ. «Դուք բոլորդ այս փուլին ձեր կեանքի նաւերը կը թիավարէք եւ որքա՜ն գեղեցիկ երազներ ունիք ձեր ապագային նկատմամբ: Մենք վստահ ենք, որ ձեր ջանքերով, ուսման հանդէպ ձեր ունեցած սիրով եւ յարատեւելու բարձր ոգիով դուք պիտի հասնիք բարձր դիրքերու եւ նուաճումներ արձանագրէք:

«Սակայն ձեր յաջողութիւնները կատարելութեան հասցնելու եւ ուսման կողքին արժանաւոր հայորդիներ ըլլալու համար հարկ է, որ ձեր ապագայի տեսլականին մէջ յստակ տեղ գրաւէ ձեր ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: Ուսման այս տարիները յարմարագոյն առիթը կ՛ընձեռեն ձեզի` հաղորդուելու ազգային կեանքին հետ: Երբ տակաւին երիտասարդ էք եւ համեմատաբար նուազ պատասխանատուութիւններով բեռնաւորուած, հարկաւոր է, որ չմոռնաք, թէ դուք զաւակներն էք դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայ ազգին, թէ ձեր նախնիները Տէր Զօրի անապատներուն մէջ բոպիկ, անօթի ու ծարաւ, խանձող արեւուն տակ աւազներուն վրայ իսկ սորվեցան հայոց այբուբենը եւ իբրեւ սրբութիւն բերին իրենց հետ Լիբանան եւ այլ օտար ափեր», յայտնեց ան:

Ան շարունակեց` կոչ ուղղելով, որ ուսանողները գիտակցին, թէ, իբրեւ արժանաւոր զաւակները այդ սերունդին, պարտին մայրենի լեզուն նկատել իրենց ինքնութիւնը, որմէ հեռանալով կը կորսնցնեն իրենց արմատները: Ք. Դանիէլեան-Սարգիսեան ցաւ յայտնեց, որ այսօր երիտասարդութեան մեծ մասը կ՛աղաւաղէ լեզուն` հրամայական նկատելով այդ արժէքներու վերականգնումը, գիրն ու գրականութիւնը իւրաքանչիւր հայու առօրեային մասնիկ դարձնելը, մեր հաւաքական կեանքին մէջ ներկայութիւն դառնալն ու ներդրում բերելը:

«Մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները, ազգային կառոյցները չեն կրնար դատարկուիլ, եթէ մենք կ՛ուզենք Հայ դատը յաջողութեամբ պսակել: Թող իւրաքանչիւրդ իր ժամանակէն փոքր մաս մը տրամադրելով ծառայէ ազգային կառոյցներու մէջ, եւ դուք պիտի վկայէք, թէ աւելի զօրացած եւ ամրացած պիտի թիավարէք ձեր կեանքի նաւերը», ըսաւ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան` յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթելով բոլորին:

Ապա խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարուան ուսանողական, աշակերտական, բարեսիրական, առողջապահական եւ մշակութային կառոյցներու նպաստի տուչութեան հանդիպումը կը զուգադիպի ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան 20-ամեակին:

«20 տարիներ առաջ գաղափարը ծնաւ ստեղծելու իրարօգնութեան սնտուկ մը, որուն նպատակն էր մեր գաղութի հիւանդանոցային կարիքներուն հասնիլ եւ միեւնոյն ժամանակ այս գործառնութենէն մնացած հասոյթը բարեսիրական ծրագիրներու յատկացնել:

«Հայկ Թիլպեան` իբրեւ հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ներկայացուցիչ, Անդրանիկ Մսըրլեան` իբրեւ Համազգայինի մշակութային միութեան եւ Արաքսի Շահինեան` իբրեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչ ներկայացուցիչներ, հիմը դրին այս հաստատութեան: Սկսանք 365 անդամներով եւ այսօր 7000 անդամ կը հաշուենք, հասոյթէն ստեղծեցինք չորս մարզական կեդրոններ, հիւանդանոցային տնային սարքերու սպասարկութեան դրութիւն, «Զգոյշ» նախազգուշական եւ առողջապահական պարբերաթերթ հրատարակեցինք, ուսանողական եւ աշակերտական ֆոնտեր հաստատեցինք, ինչպէս նաեւ անցնող քսան տարիներուն բոլոր միութիւններուն եւ ակումբներուն մեր օժանդակութիւնը անպակաս եղաւ», յայտնեց ան:

Յակոբ Լատոյեան տեղեկացուց, որ ԱՖՀԻԼ-ի տարեկան գործառնութիւնը 8.000.000 տոլար է, ունի 90 պաշտօնեայ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ան հաստատեց, որ կրթանպաստներու բաշխման հաւաքը չի կազմակերպուիր ցուցադրութեան, քարոզչութեան համար, ոչ ալ ձեւական նպատակ ունի: «Մեր նպատակն է մեր գործունէութիւնը ձեզի ծանօթացնելով միասին գործակցելու խոստում ստանալ: Գործակցութիւն բոլոր մարզերուն մէջ: Մեր կառոյցները երիտասարդ արեան պէտք ունին, եւ դո՛ւք էք, որ ձեր մասնակցութեամբ կրնաք ապահովել մեր կառոյցներուն շարունակականութիւնը», նշեց ան:

Խօսքը ներկայ մեծաթիւ ուսանողներուն ուղղելով` Յ. Լատոյեան ըսաւ. «Բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիք ունինք ձեզի, ասիկա լոկ խօսք չէ: Գործնականապէս իւրաքանչիւրդ վաղը պիտի նետուիք ազատ ասպարէզ, ուրիշներ ազգային կեանքին մէջ մեր կրթական, բարեսիրական, կրօնական, մարզական, մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն: Մնացէք հաւատարիմ ձեր արմատներուն եւ գիտցէք, որ դպրոցական եւ համալսարանական տարիներուն միշտ ձեր կողքին եղած ենք, դուք ալ պարտաւոր էք ձեր ազգին կողքին մնալու»:

Ան յայտնեց, որ այս տարուան հասոյթը 150 միլիոն լիբանանեան ոսկի է եւ անիկա պիտի բաժնուի 185 ուսանողներու եւ 200 աշակերտներու, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Զուարթնոց» կեդրոնին. «Ձեւով մը հիմնադիր երեք միութիւններու կառոյցներն են, որ կը գտնուին մեր գաղութին մէջ», նշեց Լատոյեան:

Աւարտին ան գնահատեց բոլորը, յատկապէս ծնողները, որոնք հաւատարիմ մնացին մեր ազգային սկզբունքներուն` յոյս յայտնելով, որ երիտասարդները կը դառնան վաղուան ղեկավարները եւ կը շարունակեն գործը:

Աւարտին իր գնահատանքի խօսքը արտասանեց եւ ուսանողներուն հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի տարած կարեւոր գործունէութեան: Ան ըսաւ, որ կեանքին մէջ յաջողութեան հիմնական գաղտնիքներն են համալսարանական կրթութիւնը, մասնագիտացումը, հաւաքական կեանքին մասնակցութիւնը, քննադատութիւն ընկալելը եւ հաշուետուութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այսօր իւրաքանչիւրը այնքան տարուած է իր առօրեայ հեւքով, որ չ’ուզեր ինքնիրեն հարց տալ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել բարելաւուելու եւ շրջապատը բարելաւելու համար: Շեշտը դնելով հաշուետուութեան կարեւորութեան վրայ` ան ըսաւ, թէ կեանքը պարզապէս վազք չէ, այլ անհրաժեշտ է կանգ առնել, հարցադրումներ ուղղել, մեր անձերէն հաշիւ պահանջել եւ անկեղծօրէն դէմ յանդիման կանգնիլ մեր կատարածներուն` զանոնք աւելի լաւին հասցնելու առաջադրանքով: Սրբազան հայրը նշեց, որ իւրաքանչիւր անձ նաեւ հաշուետու է Աստուծոյ, որովհետեւ Ան է Արարիչը եւ պահապանը ամէն ինչի` աւելցնելով, որ մարդ հաշուետուութիւն ունի տալիք նաեւ հաւաքականութեան, ընկերութեան, որուն յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման հիմքը իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնն է:

Այս ծիրին մէջ Նարեկ արքեպիսկոպոս խօսեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի մասին, որ այդ հաշուետուութեան արդիւնք է այս կառոյցը, հոն կը տարուի շատ լայնածիր գործունէութիւն, բազմաթիւ ծրագիրներ իրականութիւն կը դառնան ու կը յաջողին, որովհետեւ իբրեւ տիպար առաքելութիւն տանող հաստատութիւն ունի մասնագիտութեան բարձր մակարդակ, մասնակցութեան սկզբունք, հաշուետուութիւն ներկայացնելու գործելաոճ, քննադատելու եւ քննադատուելու համարձակութիւն:

Խօսքը ուսանողներուն ուղղելով` սրբազան հայրը յայտնեց, պէտք է մտածեն այն մասին, որ անոնք ինչպիսի մասնակցութիւն պիտի բերեն մեր հաւաքական կեանքին, երբ աւելի բարձր պաշտօններ վստահուի իրենց: Ան դիտել տուաւ, որ իբրեւ առաջնորդ մեծ կարեւորութիւն կու տայ երիտասարդներուն հետ սրտբաց եւ անկեղծ երկխօսութեան, այդ նպատակով ալ իւրաքանչիւր երեքշաբթի կը կազմակերպէ Ս. պատարագ` միասին աղօթելու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի սերտողութիւն կատարելու: Առաջնորդը ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ երիտասարդութիւնը մեր ներկան է, ոչ թէ ապագան, որովհետեւ անիկա այսօր մեր կեանքին մէջ է եւ պիտի ճշդէ, թէ ի՛նչ համեմատութեամբ մասնակից պիտի դառնայ ազգային հաւաքական կեանքին: Ան կոչ ուղղեց զիրար հրաւիրելու, իրարու մարտահրաւէր կարդալու` հաւաքական կեանքին մէջ մասնակցութեան, որովհետեւ ատիկա առանցքային նկատեց յաջողութեան ու յառաջդիմութեան:

Իր պատգամը եզրափակելով ան յաջողութիւն մաղթեց երիտասարդութեան` յոյս յայտնելով, որ անոնք ո՛չ միայն ազգային, այլ նաեւ լիբանանեան կեանքին մէջ բարձր կը պահեն հայութեան անունը:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ուսանողները ստացան իրենց կրթանպաստները: