News & Events

Երէկ` երկուշաբթի, 18 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կրթանպաստներ բաժնուեցան 120 ուսանողներու եւ 11 վարժարաններէ երկրորդական կարգերու 80 աշակերտներու: Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարաններու տնօրէններ եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Օրուան պատգամախօսն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ձեռնարկին ընթացքին իր խօսքը ուղղեց նաեւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան:

2012-2013 տարեշրջանին համար ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան որոշումով ԱՖՀԻԼ-ի կրթանպաստը բարձրացած է 50,000 ամ. տոլարի:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակը ներկայացնող տեսերիզ: Ձեռնարկի աւարտին 120 ուսանողներ ստացան իրենց կրթանպաստը: