ՀԱԿԱՌԱԿ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԸ ԱՃ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է 2018-ԻՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ 2018 թուականը Լիբանանի տնտեսութեան համար եղաւ դժուարին տարի մը: Շրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական տագնապը եւ տնտեսական անորոշութիւնները աւելցուցին ճնշումը Լիբանանի ապահովագրութեան մարզին վրայ: Ազգային տնտեսութեան տարբեր մարզերուն լճացումը իր անդրադարձը ունեցաւ լիբանանեան ապահովագիներու (premiums) դանդաղ աճին եւ շահոյթներու չափին վրայ: Այս տեղեկագիրը որ պատրաստուած է BLOM դրամատան կողմէ, կը քննարկէ Լիբանանի ապահովագրական մարզը…