ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՎԵՑ ՆՈՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մարզերուն մէջ կը նախատեսուի կառուցել բժշկական վեց նոր հաստատութիւն եւ վերանորոգել՝ չորսը, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: Նախարարը ներկայացուցած է մարզերուն վերաբերող ծրագիրները. «Մասնակի վերանորոգում պիտի կատարուի Չարենցաւանի բժշկական կեդրոնին մէջ: Լոռիի մարզին մէջ պիտի կառուցուի «Տաշիր» բժշկական կեդրոնը՝ «Տաշիր» հիմնադրամին միջոցով, սակայն նախագիծը նախարարութիւնը կը մշակէ:…