ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂԷՏԱԼԻ ԱՆԿՈՒՄ ԿԸ ՆՇՄԱՐՈՒԻ

Մ. Նահանգներու Քոլորատոյի համալսարանի մասնագէտներուն համաձայն, մթնոլորտին մէջ ածխաթթու կազի (carbon dioxide) մակարդակին բարձրացումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ մարդոց մտային կարողութեան վրայ: Հետազօտողները ուսումնասիրած են, թէ ինչպէ՞ս ածխաթթու կազի մակարդակին բաձրացումը կ’ազդէ մանուկներու սորվելու կարողութեան վրայ: Նախորդ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած էին, որ կազին բարձր մակարդակը կը ներգործէ մտային կարողութեան վրայ, սակայն խնդիրը դիւրութեամբ կարելի կ՚ըլլայ…